ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի պայմաններուն ներքեւ, ամենաբարձր մակարդակի շփումները կը շարունակուին կողմերու միջեւ։ Վերջին օրերու պայրամի արձակուրդի սկիզբին, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Նիսի մէջ, ուր Ֆրանսայի տանտիրութեամբ կազմակերպուած էր ՄԱԿ-ի Ովկիանոսի հարցերով երրորդ համաժողովը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ հարկերու վճարումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երկրի կայունութեան եւ զարգացման տեսակէտէ։
Ուքրայնա արդէն երրորդ անգամ թիրախաւորեց Խրիմի կամուրջը, որ մատնուեցաւ վթարային վիճակի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի այս շրջանին իրերայաջորդ այցելութիւններ կու տայ դէպի Մերձաւոր Արեւելքի զանազան մայրաքաղաքները։ Երէկ, Ապպաս Արաղչի Պէյրութի մէջ հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի ղեկավարութեան կողմէ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ պոլսահայ կրթական համակարգի վառ ներկայացուցիչներէն Հերա Իսքէնտէրօղլու աւարտած է Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառի (INALCO) ԻՄԱՍ հայագիտական մասթըրի ծրագիրը։
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Վերջին օրերուն հակասական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան այս ուղղութեամբ։
Երէկ, Հայաստանի ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ընդունեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Հարաւային Կովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ արեւելեան գործընկերութիւններու հարցերով վարչութեան ղեկավար Մաթիաս Ֆոլերտի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի, որ Գահիրէի մէջ շփումներ ունեցաւ, ընդունուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ նախագահական պալատին մէջ, ուր կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերու շուրջ։