ՆՈՐ ՎԻՃԱԿ, ՆՈՐ ՇՓՈՒՄ
Երեւանէն կը յայտնեն, թէ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս կայ յառաջընթաց:
Նախագահ Էրտողան-վարչապետ Փաշինեան մօտալուտ հանդիպման սեմին՝ Ռուբէն Ռուբինեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Հայաստան պատրաստ է Իրան-Իսրայէլ հակամարտութեան հաւանական զանազան հետեւանքներով պայմանաւորուած բեմագրութիւններուն»:
Հայաստանի իշխանութիւնները սկսած են թիրախաւորել նաեւ եկեղեցւոյ զօրակցութիւն յայտնած շրջանակները:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու հանդիպում՝ Էրտողան-Փաշինեան ժամադրութեան ընդառաջ:
Միջազգային օրակարգը կը շարունակէ ողողուած մնալ Իսրայէլ-Իրան պատերազմին վերաբերեալ իրադարձութիւններով։ Միջազգային հարթութեան վրայ համատարած մտահոգութիւն յառաջացած է՝ մինչ պատերազմի կասեցման ուղղեալ ջանքերը անընդհատ կը շարունակուին համաշխարհային դերակատարներու միջոցաւ։
Հայկական ֆութպոլի երկու առասպելները՝ Եուրա Մովսիսեան եւ Հենրիխ Մխիթարեան հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճելըսի մէջ։ Անոնք մօտաւոր անցեալին միասնաբար մաս կազմած են Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին։
Թուրքիա անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքն ալ բաւական բանուկ է՝ Իրան-Իսրայէլ պատերազմի պայմաններուն ներքեւ։
Իսրայէլ-Իրան պատերազմը ամբողջ աշխարհի մէջ մտահոգութեան առարկայ դարձած է։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ բազմապատիկ մտահոգութիւններ խնդրոյ առարկայ են նաեւ Հայաստանի մէջ՝ քանի երկրի անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ հարեւան Իրանի դիրքորոշումը չափազանց նշանակութիւն ունի։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ կազմակերպուած յարձակումները կը համարուին խափանարարութիւններ, որոնք ակնյայտօրէն միջազգային իրաւունքը առ ոչինչ կը համարեն։