Լրահոս

ՊԱՊԻԿԵԱՆ. «ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԽԵԱԼ ՉԷ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԿԱՄ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ»

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը պայմանաւորուած չէ միայն Երեւանով եւ Պաքուով։

ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԻՋԵՒ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԵՑԱՒ

Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները, որոնք վերջին տարիներուն զգալի յառաջընթաց ապրեցան, երէկ նոր հարթութիւն մը թեւակոխեցին։ Այսպէս, Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ստորագրուեցաւ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթ մը։

ԽԱԽԱՄԱՊԵՏԻՆ ՄԱՀԸ

Թուրքիոյ հրեայ համայնքը կը սգայ իր ութսունհինգամեայ հոգեւոր առաջնորդին տխուր կորուստը:
Ռաւ Իսհաք Հալեւա տասնամեակներու ծառայութեան տեւողութեան ճանչցուած էր՝ որպէս ժողովրդական մարդ: Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան փոխանցեց վշտակցութիւնները: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւակցական մը ուղարկեց րաբունապետարան:

ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս, Գալիֆորնիոյ մէջ ծագած հրդեհները կը շարունակեն միջազգային անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին արձագանգեց նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած գրառման մէջ համերաշխութիւն յայտնեց Գալիֆորնիա նահանգի անտառային հրդեհներէն տուժածներուն՝ ներառեալ տեղւոյն բնակիչ ամերիկահայերուն։

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ԷՆԹԸՆԻ ՊԼԻՆՔԸՆ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ուաշինկթըն, ուր ժամադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Հայկական դիւանագիտական աղբիւրները երէկ այս կապակցութեամբ հրապարակեցին մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ մանրամասնօրէն յիշեցուեցաւ Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու անցեալ տարուայ խտացեալ թափը։

«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ»Ը ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՀԻՒՍԻՍ-ՀԱՐԱՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿԻՆ

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան յայտարարեց, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի իրագործման եւ խաղաղութեան հաստատման պարագային՝ Շիրակի մարզէն ներս նախատեսուած «Չոր նաւահանգիստ» ծրագիրը կրնայ դառնալ տարածաշրջանային բեռնափոխադրութեան լրջագոյն հանգոյց մը։

Էջեր