ՇԱՀԵՐ ԵՒ ՊԱՏՐՈՒԱԿՆԵՐ
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի Երեւան այցելութեան առիթով տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուա բարձրագոյն մակարդակով ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի պատկանելիութիւնը Ատրպէյճանին, ունի յստակ ենթաուղերձ մը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ*
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեան համոզուած է, թէ Հայաստանի կապը պէտք է աշխուժանայ դասական սփիւռքի հետ։
Հայաստան-Ռուսաստան գործակցութիւնը զարգացնելու ջանքեր՝ ծանրաբեռնուած օրակարգի պայմաններով:
Երեւանի ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Այս առաւօտ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց իր ռուս պաշտօնակիցը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։ Մինչ այդ Լաւրով ծաղկեպսակ մը զետեղեց՝ Երեւանի Յաղթանակի զբօսայգիի անծանօթ զինուորի շիրիմի անմար կրակին մօտ։
Թուրքիա կը վերահաստատէ զօրակցութիւնը, ԱՄՆ մտահոգ՝ նոր ներքին պատերազմի մը հաւանականութենէն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ազիզ Նասիրզատէն։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջ տալու ուղղեալ բանակցութիւնները շուտով կրնան սկսիլ: