ՍԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
ՆԵՐՍԷՍ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՇՏԱՐԱԿԵՑԻ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կիները եկեղեցիէն սգաւորներուն տուն վերադառնալէն ետք, այնտեղ թող ուտեն պատրաստուած ուտելիքները, որ թեթեւ կ՚ըլլայ ինչպէս նախաճաշիկը, այսինքն՝ կողմնակի ուտեստներ, եւ իւրաքանչիւրը թող իրենց տուները երթան. եւ ասկէ ետք կիներու բազմութիւնը ննջեցեալին տունը ցերեկ եւ գիշեր թող չի՛ նստին՝ ազգականներուն եւ յատուկ բարեկամներուն մօտ. եւ անոնք բոլորը միասին չգան, այլ իրարու միջեւ համաձայնութեամբ կարգով մէկը միւսին ետեւէն, իւրաքանչիւրը երկու-երկու կամ երեք-երեք օր: