ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՏՈՒԿԻՆ. «ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԸ ԵԹԷ «ԻՅՆԱՅ», ՊԻՏԻ ՀԵՏԵՒԻ ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՆԿՈՒՄԸ»
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռուս մտաւորական եւ քաղաքական փիլիսոփայ, վերլուծաբան Ալեքսանտր Տուկին հիւրն էր «Sky News Arabia» կայքէջի «Մոսկուայէն» խորագրեալ հաղորդման: Զրոյցի ընթացքին ան Ուքրայնայի մէջ ռուսական ռազմական գործողութիւնը համարած է մարտահրաւէր Արեւմուտքի գերիշխանութեան, նաեւ նշած է, որ այդ կապակցութեամբ Ռուսաստան սեղանին դրած է իր բոլոր խաղաքարտերը: