ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՍԼԱՔՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններու կողքին տեղի կ՚ունենան բաւական աշխոյժ դիւանագիտական տեղաշարժեր։ Նախ սկսինք հոնկէ, որ շաբաթ մը առաջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջարկուած հրադադարը յար եւ նման Մոսկուայի մէջ ընդունուած, աւելի վերջ ալ «հաստատուած» երկու հրադարարներուն՝ «մեռեալ ծնունդ» էր։