ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳԵՏԻՆԸ ՄԻՇՏ ՏԱՔ. ՇՈՒՇԻԻ ՀԱՄԱՐ ՍԱՍՏԻԿ ՄԱՐՏԵՐ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկուան առաւօտը ծանր էր Երեւան ապրողներուս համար։ Խնդիրը այն էր, թէ իւրաքանչիւր անձ, որ ռազմաճակատէն հեռու կը գտնուի, աւելի մեծ լարումներով կը հետեւի դէպքերու ընթացքին՝ քան անոնք, որոնք կը գտնուին ռազմական գործողութիւններու իրական հունին մէջ։