ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հացում. Ինչո՞ւ համար Քրիստոս կամաւորապէս մեռաւ:
Պատասխան. վերը չորս պատճառի համար ըսուեցաւ, եւ հիմա ալ կ՚ըսեմ, թէ Ադամի եւ անոր որդիներու ու մեր Տիրոջ մահը տարբեր են, որովհետեւ Ադամի մահը ներգործութենէ եղաւ, երբ պտուղը կերաւ, քանի որ եթէ կերած չըլլար, չէր մահանար: