ՏՈՒՆԸ ՄՆԱԼՈՒ «ԱՐՈՒԵՍՏ»Ը ԵՒ ՀՈԳԵԼԼԿՈՒՄԸ (ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ա՛լ չենք դիմանար, բա՛ւ է այսքան…
Նման խորագիրի ու մտածումի առիթ տուողը նոյնինքն նորահաս սերունդն է, որ այս օրերուն «քորոնա» ժահր կը դիմագրաւէ, շատերու կարգին, տարօրինակ հոգեվիճակներ, այլ խօսքով՝ մտատանջումի տեսականի: