ԿԵԱՆՔԻՆ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի հակասութիւնները զիրար ամբողջացնող իրողութիւններ են։ Արդարեւ, ամէն նեղութիւն եւ տրտմութիւն մարդուս մէջ կը վերածուին խորհրդաւոր ուրախութեան մը՝ հեռապատկեր մը եւ մեծութիւն մը ստեղծելով անոր ներաշխարհին մէջ։