«ՀԻՒԱՆԴՆԵՐԸ ԲՈՒԺԵՑԷ՛Ք»
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հիւանդները բուժեցէ՛ք» (ՄԱՏԹ. Ժ 8)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս, ինչ որ եկեղեցին ընդունած է որպէս յանձնառութիւն Տիրոջմէ եւ կը ջանայ իրագործել զայն թէ՛ այն խնամքներուն շնորհիւ՝ որոնք կը մատակարարէ հիւանդներուն, թէ՛ անոնց ընկերակցող բարեխօսութեան աղօթքով։ Ան կը հաւատայ կենսագործ ներկայութեան Քրսիտոսի՝ բժիշկ հոգիներու եւ մարմիններու։