Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 9, 2024

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

-Օհօ՜՜՜… ուրիշ օր չգտաւ մեռնելու…
-Վաղը գացէք…
Հազիւ տասներկու-տասներեք տարեկան գանգատեցանք Ալինը եւ ես մեր մայրերուն, որովհետեւ արդէն ճամբայ պիտի ելլէինք Նոր Քաղաք երթալու։ Շուտով Զատիկ էր եւ մենք գնումներ ունէինք։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Միջազգային իրադարձութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր փուլ մըն է։ Խօսքը չի վերաբերիր միային Մեծն Մերձաւոր Արեւելքի գործընթացներուն, այլեւ շատ աւելի լայն պարունակի մը մէջ է՝ համընդհանուր պրիսմակի եւ միջազգային քաղաքական բեմահարթակին վրայ ակնկալւած իրադարձութիւններով հանդերձ։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2024

ՍԳԱԿԻՐՆԵՐ՝ ՀՐԱՆԴ, ԿԱՄՔ ԵՒ ԵՐԱԶ
ԵՒ ԹՈՌՆԵՐ՝ ՄԱՏԹԷՈՍ ԵՒ ՍԱՐԻՆ

Մարդ արարածը կեանքի ճամբորդ է։ Կը ծնի, ֆիզիքապէս կ՛աճի: Կեանքի փորձառութիւններ կ՚ամբարէ։ Գիտակցական համոզումներով ընտրութիւններ կ՚ընէ, ապա, եւ միայն ապա՝ մտայնապէս եւ հոգեպէս կը կազմուի։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2024

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Աւազանի անունով Վարդգէս: Ծնած է Պուրճ Համուտի Նոր Արագած թաղամասին մէջ, Լիբանան, 1941-ին:
Նախնական ուսումը ստացած է Սիսի, այդ օրերուն՝ Լուսինեան, ապա՝ Աքսոր Գասարճեան Ազգային վարժարանէն ներս: 

Շաբաթ, Մարտ 9, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ՝ Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»էն։
Երազները ունին զանազան պատճառներ։ Կայ պարագայ՝ որ երբ մարդ բերնով բան մը կը խօսի, նոյն բանով միտքը կը զբաղի նաեւ, երբ մարմինը կը հանգստանայ եւ կը քնանայ. կայ պարագայ ալ, որ բանի մը վրայ չի մտածեր, եւ սակայն կը տեսնէ երազին մէջ։ Եւ ասոր պատճառները երկու են։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն մօտաւորապէս երկու տարի առաջ՝ երկուշաբթի, 11 ապրիլ 2022 թուականին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսաւ «Ծիծիկներ» խորագրեալ յօդուածս, որուն յաջորդող օրը հրատարակուեցաւ «Ջայլամախտ» խորագրեալ յօդուածը, որուն մէջ մանրամասն բացատրեցինք, թէ ինչու համար մէկ օր առաջուան յօդուածը լոյս տեսած էր «Ծիծիկներ» խորագրով:

Շաբաթ, Մարտ 9, 2024

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ Ռազմավարական դրութեան եօթներորդ ժողովը:
Բանակցութիւնները գլխաւորեցին արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն:

Շաբաթ, Մարտ 9, 2024

Թուրքիա միշտ պատրաստ՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա խաղաղութեան գագաթաժողով մը հիւրընկալելու:
Անգարա յամառօրէն հետամուտ՝ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի գործարքի վերականգնման եւ սնունդի անվտանգութեան:

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024

Երկիր մոլորակը աներեւակայելիօրէն մեծ է եւ առեղծուածներով լի։ Չկայ օր մը, որ աշխարհի մասին նոր փաստ մը չյայտնուի եւ զարմանալի իրադարձութիւնները չեն պակսիր երբեք։ Ահաւասիկ՝ երկրի մասին զարմանալի քանի մը փաստ։

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024

Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացը Անգարա-Ուաշինկթըն համապարփակ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ:
Սահմանազատման յանձնաժողովի հանդիպում:
Նախարար Արարատ Միրզոյեան. «Անկեղծօրէն կը փափաքինք՝ սահմանի բացումն ու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը»:

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հոգեւոր հայրերու հետ աղօթական մթնոլորտի մէջ:
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի գլխաւորութեամբ աւանդական հաւաք:

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մարտի 8-ի՝ Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ հրապարակեց շնորհաւորական պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի քսանվեցերորդ օրն է:
«Սուրբ պահեցողութեան ճամբորդութեան ընթացքին, մեր Փրկիչը քայլ առ քայլ կ՚ընկերակցի մեզի, որպէսզի խորհինք մեզմէ իւրաքանչիւրին նկատմամբ իր ունեցած անսահման սիրոյ մասին։ 

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կասկածէ վեր է, որ Ուքրայնայի բանակը՝ մասնաւորապէս կարգ մը սահմանամերձ հատուածներուն մէջ, մեծ նահանջներու դէմ յանդիման է։
Ուքրայնայի տարածքին մէջ ռուսական զօրքը ո՛չ միայն յաջողութիւններու կը հասնի, այլեւ իր տիրապետութեան տակ կ՚առնէ ռազմավարական նշանակութեամբ շրջաններ։ 

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կանանց միջազգային օրը, որ հնարաւորութիւն մըն է յիշելու, թէ կիներու իրաւունքները ինչպէ՛ս հասած են մինչ օրս, ամէն տարի կը նշուի զանազան միջոցառումներով, ցոյցերով եւ կազմակերպութիւններով։ Իսկ Կանանց միջազգային օրը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Եւ իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց Մեզի». (ԵՓԵՍ. Դ 32)։
Ներել, ներողամիտ ըլլալ… այնքան աստուածահաճոյ արարք մըն է, բայց նոյնքան ալ դժուար եւ հակառակ՝ մարդկային բնութեան, մանաւանդ եսամոլ եւ ինքնակեդրոն նկարագիր ունեցողներու համար։

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հիւանդութեան մը դէմ մղուած պայքարը իրականութեան մէջ լոկ «առողջութեան» փնտռտուք մը չէ. անոր մէջ մեծ դեր ունի նաեւ ուրախութեան ու երջանկութեան դերը, որովհետեւ ուսումնասիրողներ կը հաստատեն, որ երջանկութիւնն ու ուրախութիւնը մեծ դեր ունի հիւանդութիւններու դէմ պայքարող անձերու բուժման առողջ գործընթացին մէջ:

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ամենէն վերջը սեղան բերուեցաւ օրուան հաւաքը իմաստաւորողը՝ հինգ փոքր, գունաւոր եւ վառուած մոմերով զարդարուած տարեդարձի կարկանդակը։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պաշտօնական ամսաթերթի՝ «Սիոն» նոր շրջանի առաջին տարիի 3-րդ թիւի (մարտ 1927, էջ 65-68) խմբագրականէն հատուածներ Մեծ պահքի մասին:

Էջեր