Արխիւ
Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասին դէմ կատարուած ոտնձգութիւններն ու անոր վրայ գործուած վերջին յարձակումները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Ֆրանսա խստօրէն դատապարտեց վերջին օրերուն Երուսաղէմի հայ համայնքին վրայ կատարուած յարձակումը։
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը երէկ վերջին պահուն, առանց որեւէ պատճառաբանութեան տեղեկացուց, որ Վեհափառ Հայրապետին Ամանորի պատգամը պիտի չհեռարձակէ կէս գիշերէն առաջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն տարուայ նման, այս տարի եւս բազմաթիւ աստղագէտներու եւ աստղաբաններու 2024 տարուան յատուկ բազմաթիւ եւ տեսակաւոր կայքէջերու վրայ հրապարակուած գուշակութիւններն ու անոնց մասին զանազան կարծիք-տեսակէտները կարդալէ եւ ծանօթանալէ ետք, փորձեցինք մէկտեղել այդ բոլորը եւ համադրելէ ետք, մեր ընթերցողներուն հրամցնել անոնցմէ ամենէն հետաքրքրականը, ընդհանրականն ու յատկանշականը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ճէք Լանտըն իր «Մարթին Իտըն» գիրքին մէջ գրած է. «Քնանալը անոր համար կը նշանակէր մոռնալ. իւրաքանչիւր առաւօտը կը դիմաւորէր տխրութեամբ։ Կեանքը զինք կը մտահոգէր, կը ճնշէր, իսկ ժամանակը տանջանք մըն էր իրեն համար»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը աստուածատուր արժէք մըն է եւ ինչպէս ամէն արժէք, իմաստ մը ունի։ Իմաստը՝ միտք եւ բովանդակութիւն կ՚ենթադրէ եւ բանականութեան բնական մէկ հետեւանքը կը հանդիսանայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օր առաջ սկսայ ընթերցել 1949-1955 թուականներուն Թեհրանի մէջ լոյս տեսած «Արմենուհի» գրական, պատմա-գիտական եւ արուեստի ամսօրեայ հանդէսը: Ընթերցանութեան ժամանակ ուշադրութիւնս գրաւեց ամսաթերթի 5-րդ թիւին մէջ Փիւնիկ գրչանունով յօդուածագիրի մը «Հայ աղջիկ» գրութիւնը («Արմենուհի», 1949, Ա. տարի, թիւ 5, էջ 10):
Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը, ըստ ընկալեալ սովորութեան, Ամանորը ողջունեց՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած հաւաքով։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցան երեկոյեան ժամերգութիւն եւ գոհաբանական աղօթք։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան մատոյց տարեվերջի Ս. Պատարագը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Պատարագիչ հայր սուրբը խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ամանորը դիմաւորեց Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Նոր տարուան առթիւ կազմակերպուեցաւ միաբանական ընթրիք, որուն մասնակցեցան նաեւ Արցախէն դուրս եկած այն ընտանիքները, որոնք ապաստան գտած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ։
Նոր տարուան առթիւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը. «Թոյլ չտանք, որ ազգային կեանքի մէջ սերմանուի ատելութիւն ու պառակտում, արմատաւորուի կործանարար յարմարուողականութիւնն ու անտարբերութիւնը։ Ապրինք հաւատքով զարդարուն կեանքով, իրարու հանդէպ սիրով, որպէսզի զգանք Աստուծոյ շնորհաբեր ներկայութիւնը»:
«Հայաստանը այն միակ սրբազան վայրն է, ուր ամբարուած են բոլոր ժամանակներու հայ սերունդներու աղօթքներն ու երազները, ուր շարունակ պիտի կերտուի հայոց ինքնութիւնը»:
Մխիթարեան վարժարանին մէջ այս տարի եւս Ամանորի շրջանին բարձր տրամադրութիւն կը տիրէր։ Զանազան փուլերով ծրագիր մը մշակուած էր ու որպէս եզրափակիչ՝ Կաղանդի հանդէսը իսկապէս բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեց։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի Ամանորի հանդէսին մթնոլորտը համազօր էր ընտանեկան հաւաքի մը։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ամանորի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ռոթերտամ, Հոլանտա, հոկտեմբեր 2023։
Առիթը ունեցած եմ յաճախակի կերպով գտնուիլ Ռոթերտամ։ Հոլանտան՝ որպէս երկիր, կը գերազանցէ իր գեղեցկութեամբ ու տակաւին ջրանցքները, որոնք կ՚անցնին բոլոր քաղաքներուն մէջէն եւ երկրին կու տան յաւելեալ գեղեցկութիւն։
Մինչ կլիմայի փոփոխութեան վերահաս աղէտը արդէն սաստկօրէն կը թակէ երկրագունդի դուռը, գիտնականները այժմէն կը զգուշացնեն 2024 թուականի ամրան համար։ 3 յուլիս 2023 թուականի դրութեամբ աշխարհի ջերմութեան միջինը մրցանիշ մը կոտրելով հասած էր 17 աստիճանի։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ուսուցիչը երկրագունդի քարտէսին վրայ ովկիանոսները ցոյց տալով՝ աշակերտ մը քովը կը հրաւիրէ. «Փախստակա՛ն, դո՛ւ արի», ըսելով: Դասարանին ամենէն վերջին կարգի գրասեղանին ետին կծկուած աշակերտը ցուրտէն եւ լսածէն դողալով գրատախտակին կը մօտենայ եւ հերթաբար կը պատասխանէ ուսուցիչին՝ երկրագունդի քարտէսին վրայ մատնանշուած ովկիանոսներուն անունները ըսելով:
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
21-րդ դարու 3-րդ տասնամեակի 4-րդ տարին պիտի մտնենք այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ աշխարհի զանազան բաժիններուն զինեալ տագնապները եւ պատերազմները թափ կը ստանան՝ շատ յաճախ անմեղ մարդիկ մսաղացներու զոհ դարձնելով:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հինը գնաց: Ճամբեցինք: Արդէն նոր տարի է: Աշխարհն ալ, իր կարգին, հին տարին նետեց իր աղմկոտ պատմութեան խճողուած թանգարանին մէջ:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Շուրջ երեք տարի է, որ մեր վարի դրացին երեք վայրկեանը մէյ մը «Ահմա՜տ» կը կանչէ։
Բարձրաձայն կը կանչէ մեր դրացին՝ այնքան բարձրաձայն, որ բաց թէ՛ գոց դուռ-պատուհան՝ տարբերութիւն չունին. Ահմատը յամառօրէն կանչող այդ վշտագին ճիչը բոլորիս խիղճը կը տրորէ։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Նստած եմ տրտում, զուլալ է հոգիս,
քովս կը շնչէ ծառ մը դարաւոր,
միւս կողմէ սիրտս հուր կու տայ մտքիս,
եւ ես կը յորդիմ տանջանքով հզօր: