Արխիւ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ռուսաստան թէ՛ իբրեւ Սովետական Միութեան ժառանգորդ եւ թէ անոր փլուզումէն ետք իբրեւ նոր աշխարհ մուտք գործող երկիր, որքան ալ սկզբնական շրջանը միաժամանակ համարկուած եւ պարփակուած էր Արեւմուտքին կողմէ, մասամբ յստակ էր, որ իր մեծ տարածքին ներքեւ այսպիսի մեծ քանակութեամբ հիւլէական զէնքերու սեփականութեամբ այսպէս ըսած բարձր առաքելութիւն մը պիտի տար՝ նկատի առած արդէն, որ պատմականօրէն ալ ան ինքզինք Արեւմուտքի մրցակից ու շատ մը տեղեր (երբ հզօրացման ճամբան բռնած էր) իբրեւ Արեւմուտքի ախոյեան համարած է:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Դուք բարեկամներս էք, եթէ գործադրէք այն, ինչ որ Ես ձեզի կը պատուիրեմ: Ձեզ այլեւս ծառայ չեմ կոչեր, որովհետեւ ծառան չի՛ գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ընէ իր տէրը. այլ ձեզ բարեկամ կոչեցի, քանի որ այն բոլորը՝ ինչ որ Հօրմէս լսեցի, ձեզի յայտնեցի» (Յհ 15.15):

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023

Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները։ Խորհուրդի ժողովէն առաջ անդամ քանի մը երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները սարքեցին մամլոյ ասուլիսներ եւ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ կարեւորեցին Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը։ Անոնք շեշտադրեցին Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սատարելու կարեւորութիւնը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ երեկոյեան իր հերթական ժողովը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Ժողովը գլխաւորեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ ընդունեց Եւրոմիութեան խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փիա Քաուման։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Հարաւային Կովկասի իրավիճակին եւ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի դերակատարութեան շուրջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչը։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Թուրքիոյ եւ Եւրոխորհուրդի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023

Դէպի Լոնտոն պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Լէօ Տոքերթիի հետ։ Այս տեսակցութիւնը բնորոշեց նաեւ Հայաստան-Անգլիա ռազմավարական երկխօսութեան սկիզբը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Խնդիրը միայն Արցախը չէր, խնդիրը միայն Արցախի անվտանգութեան ապահովումը չէր, այլ խնդիրը այսօր ալ կը շարունակէ մնալ իրատես ինքնաճանաչումը:
Հայաստանի ներուժը ճի՛շդ հասկնալու, անոր իրական ուժը պատկերացնելու եւ շրջապատի իրադարձութիւնները ըստ այդմ ճի՛շդ թարգմանելով ընկալելու հրամայականը միշտ արդիական:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023

Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան Գօշավանքի մէջ շաբաթավերջին խօսած քարոզին ընթացքին ըսաւ. «Այս օրերը ես կը կոչեմ անպատուութեան օրեր։ Կրկնակի անպատուութեան օրեր, որովհետեւ մենք համաձայնած ենք ընդունիլ այդ անպատուութիւնը։ Մեր այս ժամանակահատուածը նաեւ վերականգնումի ձգտումի ժամանակահատուած է։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արժանթինի հրէական կազմակերպութիւններու պատուիրակութեան նախագահ Խորխէ Քնոպլովիցը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Արիէլ Պլուֆշթէյնը։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու ընդհանրութիւններուն եւ մասնաւորապէս խօսեցաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023

Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ վրայ, որու համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023

Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի եւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վարժարաններու վարիչներուն միջեւ նախատեսուած հանդիպման մանրամասնութիւնները կը յստականան։ Ինչպէս ծանօթ է, Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի կողմէ կը համակարգուին այս ժամադրութեան պատրաստութիւնները։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Հաղորդութիւնը այն երկնային ճշմարիտ «մանանայ»ն է, որ կեանք կու տայ քրիստոնեային։ Քրիստոս, բնակելով քրիստոնեաներու մէջ, անոնք իրար կը միացնէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դժբախտութիւնը ունինք յայտնելու, որ վիճակագրութիւններու համաձայն, ամբողջ աշխարհի վրայ տարեկան դրութեամբ աւելի քան ութ միլիոն մանուկ եւ պատանի կ՚անհետանայ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը յայտնէ, թէ իւրաքանչիւր հինգ երկվայրկեան մանուկ մը կամ պատանի մը կը մահանայ եւ մեծ հաւանականութեամբ ձեր այս տողերը ընթերցած ժամանակ աշխարհի տարբեր անկիւններ անբախտ մանուկներ ու պատանիներ իրենց աչքերը առ յաւէտ փակեցին:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սովորաբար կը յիշատակուին գրողներու, արուեստագէտներու, նշանաւոր մարդոց մահուան կլոր թուականները: Արեւելահայ աշխարհաբար գրականութեան հիմնադիր, մեծ գրող Խաչատուր Աբովեանի պարագային հայագիտութիւնը կը յիշատակէ անոր ո՛չ թէ մահուան, այլ՝ անհետացման տարելիցը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Խնամքով պատրաստուած ժապաւէնի մը ցանկը կրնայ անսահման երջանկութեան աղբիւր ըլլալ։ Բայց երբեմն կը զգանք, որ բան մը կը պակսի։ Նման պարագաներու մէջ կրնայ օգտակար ըլլալ ծանօթանալ մեծանուն մտածողներու գաղափարներուն հետ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններու ընթացքը զգալիօրէն կը սահմանափակէ թէ՛ Նիկոլ Փաշինեանի եւ թէ Իլհամ Ալիեւի խուսանաւելու կարելիութիւնները:
Տարածաշրջանի խաղը թէեւ կը շարունակուի, սակայն յետպատերազմային կարգաւորումը կրնայ իշխանափոխութեան պատճառ դառնալ Երեւանի մէջ, ինչ որ կը պայմանաւորէ վարչապետին քայլերը:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023

Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ մատոյց նաեւ Ս. Պատարագը։ Արարողութեան ընթացքին հայր սուրբը խօսեցաւ քարոզ մը։ Ի ժամ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 24-րդ տարեդարձին առթիւ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։  Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին ելոյթ մը ունեցաւ Տարիւլաճէզէի Ընկերային կեանքի աւանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին:

Էջեր