Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցաւ վերապատրաստման դասընթացքները աւարտած եկեղեցականներու հետ։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս այս շրջանին քահանայ հայրեր խումբ առ խումբ վերապատրաստման երկշաբաթեայ դասընթացքներու կը մասնակցին։
Հայաստանի Ազգային գրադարանը ընկերային ցանցերու վրայ հերթական հրապարակումով հանդէս եկաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մասին։ Այս գրադարանի համալիրէն ներս կը գործէ Հայկական գրատպութեան թանգարանը, ուր մամուլին յատկացուած բաժնին մէջ կարեւոր տեղ տրուած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Այսօր Ուսուցչաց օրն է։ Կրթական մշակներու մեծարման, անոնց նկատմամբ յարգանքի թարմացման, երախտագիտական արտայայտութեան հերթական փուլը… Պոլսահայ կրթական համակարգն ալ կը նշէ Ուսուցչաց օրը՝ ուրոյն ձեւով եւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին յարիր աւանդութիւններով։
Աւելի քան մէկուկէս ամիս անցած է այն օրէն ի վեր, երբ Արցախի վերջին տարածքներուն խլումէն ետք, արցախցիներու բռնագաղթին զուգահեռ՝ տասնեակ մը քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներ, որոնց կարգին նախկին նախագահները, գերեվարուեցան դէպի Պաքու եւ մինչեւ օրս բանտարկուած կը մնան Ալիեւի խուցերու մէջ։
Այս օրերուն թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հրապարակումներուն մէջ դարձեալ ուշադրութեան կիզակէտին յայտնուած է՝ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակ լրագրող Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամաստ, որ թէեւ վերջին օրերուն բանտէն դուրս եկած է, սակայն, ի մօտոյ վերստին պիտի դատուի։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ բանակցութիւններ նախատեսուած են այս ամսավերջին:
Սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովները քննարկումներու համար ժամադրուած են նոյեմբերի 30-ին:
Եւրոմիութիւն-Թուրքիա գաղթի եւ անվտանգութեան բարձր մակարդակի երկխօսութեան ժողով:
Ալի Երլիքայա հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ վիզաներու ընթացակարգի պարզեցման սպասումը: Անգարա եւ Պրիւքսել տարբեր առաջնահերթութիւններով կ՚ընկալեն՝ 18 մարտի համաձայնութեան թարմացման խնդիրը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Բարեկամ» խումբի անդամները՝ առաջնորդութեամբ Աւետիս Սէյրանի։
Խումբի վարիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեանց մասին։
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Աստուածածնի տաճար ընծայման տօնը այս տարի նշուեցաւ բացառիկ մթնոլորտի մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որ քահանայական ձեռնադրութեան երրորդ տարեդարձին առթիւ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր հոգեւոր եղբայրներուն կողմէ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը այս օրերուն հիւրընկալեց Գերմանիոյ տնտեսական զարգացման ու համագործակցութեան նախարարութեան պետական քարտուղար Միլս Աննենը։ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերովբեան բանակցութիւններ վարեց հիւր բարձրաստիճան պաշտօնատարին հետ, որ ընդունուեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Եօթ ամսուան աննկարագրելի գործունէութեան փայլուն արդիւնքներու լոյսին տակ ապագայի ուղղեալ յոյսեր՝ երկարաժամկէտ ձեռքբերումներու հասնելու համար։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը կատարեալ հաշուետուութիւն մը ներկայացուց համայնքային շրջանակներուն։ «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ՝ մատուցուած ծափահարելի տուեալերով։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ թափանցիկութեան աւանդութիւնը խորանայ եւ յորդորեց՝ արեւմտահայերէնի ապագային ուղղեալ տեսլական մը ունենալ։
Անցեալ շրջանին հանրութեան խիղճը արիւնած ցաւալի իրադարձութիւններու հետեւանքները յստակացնելու առաջադրութեամբ՝ ատենապետ Աքսել Թոփալեան եւ ընկերները Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան դիմած են՝ պահանջելով հակակշռի պաշտօնական զեկոյց մը պատրաստուիլը, ինչ որ ամուր, օրինական ենթագետին մը պիտի ստեղծէ կորուստները յետադարձ որոնումով բիւրեղացնելու համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութիւնը օժտած, յարմարցուցած եւ կարգաւորած է ամբողջ կենդանութիւնը եւ բուսականութիւնը յատուկ ատակութիւններով եւ զարմանալի մեքենականութեամբ, իր կեանքը տեւականացնելու համար։ Արդարեւ, երբ տակաւին մարդը գոյութիւն չունէր, բուսականութիւնը գոյութիւն ունէր։ Եւ այս բուսական աշխարհը ստեղծած, մշակած են բնութեան մշակները։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային պատմութեան ընթացքին՝ սկսած նախամարդէն մինչեւ մեր օրերը, ամուսնութիւնը ունեցած է իր յատուկ ու ուրոյն տեղը, որով դարեր շարունակ ապահովուած է ցեղախումբերու եւ ազգերու գոյութեան ընթացքը: Ամուսնութիւնը հի՛ն է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը եւ այնպէս ինչպէս այսօր մեր հասարակութեան համար, նոյնպէս նախամարդուն համար կենսական նշանակութիւն ունեցած է, առանց որուն այսօր գոյութիւն չէինք ունենար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օրերս նշանակալի անուանակոչութիւն կատարուած է աշխարհի խոշորագոյն գրադարաններէն մէկուն մէջ: Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանի բարեգիտական (հումանիթեր) հետազօտութիւններու կեդրոնը անուանակոչուած է անուանի հայ գիտնական, պատմաբան, գրադարանային ոլորտի նուիրեալ Վարդան Գրիգորեանի (Կրէկորեան) անունով: Վարդան Գրիգորեան մեծապէս նպաստած է Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանի վերականգնմանն ու վերածնունդին եւ արդարացիօրէն կոչուած է գրադարանի փրկիչը:
Հայացուց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ահմատ Խալէտ Թաուֆիք: Ծնած է 10 յունիս 1962-ին: Մահացած է 2 ապրիլ 2018-ին: Եգիպտացի գրող, համալսարանի դասախօս, բժիշկ, թարգմանիչ: Համարուած է գրականութեան սարսափ ժանրի առաջին հեղինակը: Հեղինակած է երեւակայական պատումներ: Կոչուած է կնքահայր «Godfather»:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Իրաքի նախագահ Ապտիւլլաթիֆ Ճեմալ Ռաշիտը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։
Ողջունելով Իրաքի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ այս այցելութիւնը կը նպաստէ երկու ժողովուրդներու փոխյարաբերութիւններու առաւել սերտացման եւ միջպետական կապերու ընդլայնման։ Խօսելով Իրաքի հայ համայնքի մասին՝ Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ ան կը բերէ իր կարեւոր նպաստը երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման ուղղութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գալֆայեան տան խնամակալութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Ալֆրէտ Սունայի։ Ներկայ էր նաեւ Քոյր Գայտանէ Տուլքատիրեան։
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. Կոյս Աստուածամօր տաճար ընծայման տօնը։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունան, որուն կ՚ընկերանային իր արժէքաւոր գործակիցներէն Այգ Էրքման, Սիմոն Քումրալ եւ Մասիս Ռիւստեմ, ինչպէս նաեւ Թամար Քարասու, որ միեւնոյն ժամանակ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչն է։ Յառաջիկայ դեկտեմբերի 10-ին նախատեսուած է Գալֆաեան տան տարեկան սիրոյ սեղանը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու կազմի սիւներէն՝ Նուարդ Պարընը, Նատին Վանլըօղլու-Թաշն ու Սարվէն Սըրատաղը։ Նկատի ունենալով, որ այս կիրակի Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը նախատեսուած է՝ թաղականները, ըստ ընկալեալ սովորութեան, խմբագրատունս այցելեցին տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ հանրային կարծիքը լուսաբանելու նպատակով։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, որ այս տարի 203-րդ անգամ բացած է իր դռները, ունի շուրջ 9 միլիոն լիրայի պիւտճէի բաց մը։