Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ներկայիս աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի աւելի քան ութ միլիառ մարդ, որոնց իւրաքանչիւրը կը խօսի աւելի քան եօթ հազար լեզու եւ կ՚ապրի աշխարհի եօթ տարբեր մայրցամաքի վրայ։ Ի հարկէ, դժուար է ճանչնալ այսքան մարդոց իւրաքանչիւրը եւ հասկնալ, թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզեն անոնք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ մարդկային միտքը անկայուն, թերի եւ թոյլ է, եւ այս պատճառով՝ մարդուս իմաստութիւնը սահմանափակ է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ընդհանրապէս հայրապետական կոնդակներ չկարդալու սովորութիւն մը ունիմ, որովհետեւ այսպէս կամ այնպէս այդտեղ գրուածները լսած կամ կարդացած ենք նախապէս. պարզապէս տարբեր է ստորագրութիւնն ու ոճը՝ շատ անգամ հրատարակուած աւանդութիւն մը վառ պահելու համար:
Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած մարզական փառատօնը երէկ երեկոյեան եզրափակուեցաւ ոգեւոր հանդիսութիւնով մը։ Շիշլի մարզակումբի, Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Ներսէսեան դպրաց դասու, ինչպէս նաեւ Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած այս ձեռնարկը ձօնուած էր հոգելոյս Մեսրոպ Պատիրարք Մութաֆեանի յիշատակին։
Ցաւով տեղակացանք, թէ մեր համայնքէն Կարօ Գաբրիէլեան բռնութեան մը ենթարկուած է Գնալը կղզիի մէջ։ Ան վէճի բռնուած է՝ իր բնակած շէնքի մուտքի խանութի սեփականատիրոջ հետ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շատ անժամանակ ու ողբերգական ձեւով մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի այնքան սիրելի դէմքերէն տքթ. Տանիէլ Քուզուլուք, որ իր սերունդի եզակի ներկայացուցիչներէն մին էր։ Երէկ գիշեր ան հոգին աւանդած է իր բնակարանին մէջ՝ խոր սուգի մատնելով թէ՛ ընտանիքը եւ թէ բոլոր սիրելիները։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ գործադրուած յարձակումէն անմիջապէս ետք, Իսրայէլ այս անգամ հարուածեց Թեհրանը: Երկու գործողութիւններն ալ թիրախային էին. առաջինը «Հիզպուլլահ»ի ռազմական խորհուրդի անդամներէն մին էր, իսկ երկրորդը՝ «Համաս»ի գլխաւոր ղեկավարը:
Զօրավարները քննարկեցին պաշտպանութեան ոլորտի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:
Հայաստանի եւ Անգլիոյ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներուն միջեւ հանդիպում՝ միջազգային համաժողովի մը ծիրէն ներս:
«Նոր նիւթ» խորագրեալ ուշագրաւ ցուցահանդէս մը՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ:
Ճաւատեաններու հաւաքածոյէն կատարուած նուիրատուութիւնը՝ շրջադարձ հայ ժամանակակից արուեստի պատմութեան համար:
Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասըրեան յայտնեց, որ Չինաստանի հետ բարձր մակարդակով համագործակցութիւնը կը զարգանայ նաեւ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս։
Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի վերահսկման տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն:
Հայաստանի Սահմանապահ ծառայութիւնը ամբողջութեամբ կը ստանձնէ՝ ռուսական կազմին վստահուած բոլոր գործառոյթները:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ յառաջիկայ աշնան նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը կը շարունակէ տակաւ միջազգային անմիջական ուշադրութեան արժանանալ։ Հանրապետական կուսակցութիւնը առաջադրած է նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի թեկնածութիւնը։
«Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի Թեհրանի մէջ սպանութեան դէպքին արձագանգները կը շարունակուին։ Միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը յանկարծ շեղուած է այս մահափորձին վրայ՝ մինչ մտահոգութիւնները կը խորանան տարածաշրջանէն ներս պատերազմի ընդլայնման հաւանականութեան բերումով։
Եւրոմիութեան նախագահ Շարլ Միշէլ նամակներ ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ կոչ ուղղելով աւարտին հասցնել խաղաղութեան համաձայնագիրը։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը կրնայ բանալ՝ Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումէն վերջ։
Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացէն ներս, նախընթաց օր Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ տեղի ունեցած յատուկ ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը դուռ բացած էր զանազան մեկնաբանութիւններու։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, ի թիւս հայ գրողներու բազմաթիւ նամակներու, կը պահուին նաեւ Արշակ Չօպանեանի նամակները, որոնց մէկ մասը ան գրած է ուրիշներու, իսկ մէկ մասն ալ ստացած է նշանաւոր մարդոցմէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ակնարկի անցնող մեր չորս սիւնակներով, մեր ձեռքին տակ ունենալով Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեանի «Վաղուան հոգին» գրքոյկը, յաջորդաբար անդրադարձանք հոգեւորականութեան, դաստիարակութեան, դաստիարակի ու դպրոցի, ընտանիքի եւ պետութեան մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի կենսագիրն է՝ Կորիւն, որ միայն «Մաշտոց» անունով կը յիշէ զայն, եւ որ ըստ գիտնականներու՝ պարսկերէն «Մազտա» բառէն առնուած է եւ կը նշանակէ «իմաստութիւն» կամ «իմաստուն»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հաւատացէ՛ք, որ աշխարհի մէջ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելը շա՜տ դիւրին է. սակայն պէտք է վստահ ըլլալ, որ այդ մէկը ազնիւ ու աղէկ ձեւով ընելը դժուար եւ գրեթէ անկարելի է: Պէտք է պարզապէս հասկնալ, որ ամէն գրաւիչ բան միշտ ճշմարիտ չէ՛ եւ ամէն ճշմարտութիւն՝ գրաւիչ:
Միջազգային ցուցահանդէսի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցան կլոր սեղաններ եւ դասախօսութիւններ:
Հայաստանի Նկարիչներու միութեան երդիքին տակ հանրութեան մատուցուեցաւ «Արուեստն առանց սահմաններու»: