Արխիւ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը օրերէ ի վեր ուշադրութեամբ կը հետեւի՝ Մայիսի 28-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դէմ կատարուած անարգանքին եւ ցաւալի դէպքի արձագանգներուն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հակադիր բոլոր կողմերը պէտք է մտածեն ուժ դառնալու մասին. բան մը, որ չեն կրնար ընել առանց մէկը միւսին։ Իրականութիւն է, որ առանձինն կարելի չէ անցնիլ գետի միւս կողմը:
Եթէ ըլլայ գիտակցութիւն, թէ այս փուլէն վերջ հայերը պարտաւոր են ազգովին համախմբուելու, ապա միայն այդ պարագային ապագայի նկատմամբ տեսլականը կրնայ մեծնալ ու նոր ճանապարհներ կրնան բացուիլ:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վահրամ Մավեան, բանաստեղծ, արձակագիր, հասարակական գործիչ, «օրագրող, պատմուածագիր, վկայագրող, թարգմանիչ, հրապարակագիր» («Ամբողջական երկեր», Վահրամ Մավեան, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 15): Հայ ժողովուրդի արժանաւորագոյն զաւակներէն մէկը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ան որ վրէժի կը ձգտի՝ երկու գերեզման կը փորէ», կ՚ըսէ չինական ժողովրդական իմաստութեան ասոյթը։ Արդարեւ, յանցանքը ներել խաղաղութիւն հաստատել՝ ներողին ալ, ներուողին համար ալ խղճի հանգստութիւն է, քանի որ վրէժի զգացումը երկուստեք վնասակար եւ քանդիչ, կործանիչ զգացում մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սփիւռքի տարածքին եկեղեցին, կուսակցութիւններն ու բարեգործական կառոյցները ամէն ջանք ի գործ դրին շրջաններու մէջ հայկական վարժարաններ ստեղծելու եւ այդ վարժարաններուն միջոցով օտարութեան մէջ ապրող հայուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու համար, սակայն կարելի չեղաւ բոլոր գաղութներուն մէջ հայկական վարժարաններ ունենալ. անոնք փորձեցին դպրոցները հիմնել հոն՝ ուր հայութեան թիւը շատ է. շատ մը շրջաններ ցաւ ի սիրտ զրկուեցան այդ առաւելութենէն եւ մնացին առանց հայկական վարժարանի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մի՛ դատէք, որպէսզի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի». (ՄԱՏԹ. Է 1-2)։ Յիսուս, այս խօսքերով կը մատնանշէ մարդկային յայտնի եւ ընդհանուր մէկ տկարութիւն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մօտաւորապէս հինգ ամիս առաջ՝ ուրբաթ, 12 յունուար 2024 թուականին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեր սիւնակին մէջ գրեցինք «Համազգային ահազանգ» խորագրեալ յօդուած մը. այդ յօդուածը դժբախտ կանխատեսումն էր մերօրեայ կացութեան. առաջին հերթին պէտք է յստակ ըլլայ, որ եկեղեցւոյ եւ պետականութեան միջեւ եղած կռփամարտը Բագրատ Եպիսկոպոս Գալսեանեանի ընդդիմութենէն վերջ չէ՛ որ սկիզբ առաւ. աւելի քան երբեք յստակ էր, որ պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէր չէզոքացնելու համար Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ Բագրատ Եպիսկոպոսի շարժումը դրդապատճառ եղաւ, որպէսզի պետութիւնը ի գործ դնէ իր երկարամեայ չէզոքացման նախագիծը:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Եթէ կ՚ուզէք կռիւ ստեղծել ընդդիմադիր որեւէ շարժման մէջ, հարցուցէք. «Իսկ ո՞վ է վարչապետի ձեր թեկնածուն»: Գրեթէ անվրէպ աշխատող գործիք է. 10-20 հոգիի մը մէջ կ՚արթննայ «էկօ»ն եւ անոնք կա՛մ բարձրաձայն, կա՛մ հոգիի խորքին հարց կու տան. «Իսկ ինչո՞ւ ոչ ես»:
Լոս Անճելըսի պոլսահայ միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Ձկնորսներու խրախճանք» մը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Շուրջ 150 հոգի համախմբուեցաւ ընթրիքի սեղաններուն շուրջ, մինչ ճաշացուցակը պատրաստուած էր ծովային ճոխ տեսականիով։
Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան 9-րդ խորհրդաժողովը այս առաւօտ սկսաւ Երեւանի մէջ:
Բացման նիստին ներկայ էին Հայաստանի կառավարութենէն նախարարներ Ժաննա Անդրէասեան եւ Անահիտ Աւանէսեան:
Անգարա-Պաքու համագործակցութեան առանցքին մնալ կը շարունակէ ուժանիւթի ոլորտը։ Վերջերս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուեցաւ բնական կազի գծով համագործակցութեան նոր համաձայնագիր մը։
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի ուշագրաւ յայտարարութիւնը:
Սարդարապատի մէջ, Վեհափառ Հայրապետին դէմ պատահածը՝ արդի ընդունուած արժէքներու քայքայման վառ օրինակ:
Հաքան Ֆիտան եւ Էնթընի Պլինքըն Փրակի մէջ արժեւորեցին Կովկասի տարածաշրջանային հեռանկարները:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան. «Հայ ժողովուրդը պէտք է անդրադառնայ, որ իր ապագան հարեւաններուն հետ է»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային միջնակարգերու աւարտական դասարաններու սաներուն հետ։
Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահան երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ քաղաքապետարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Յովհաննէս Կարապետի եւ Ս. Աթանագինէ Եպիսկոպոսի յիշատակութեան տօնը, որ նաեւ Էջմիածնի Ս. Շողակաթ վանքի ուխտի օրն է։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Որոշ երեւոյթներու նկատմամբ կանխակալ վերաբերմունք է նախապաշարումը, որ կ՚արտայայտուի մտածելակերպի եւ վարուելակերպի ներքեւ ամրագրուած ձեւերով։ Նախապաշարումները՝ ըլլալով որպէս հոգեբանութեան տարր, աստիճանաբար կը դառնան անհատական կամ հասարակական գիտակցութեան բաղադրամասը։
Երեւանի մէջ, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ միշտ լարուածութիւն. ոստիկանութիւնը կառավարութեան շէնքը «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժման ցուցարարներուն դէմ պաշտպանութեան տակ առաւ այս առաւօտեան նիստէն առաջ:
Քոնստանդին Զատուլին. «Փաշինեանի իշխանութեան իւրաքանչիւր օրը Կովկասի եւ ամբողջ Արեւելքի մէջ նուաստացում է Ռուսաստանի համար»:
Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ տեղեկացանք երէկ՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ Սարդարապատի հերոսամարտի 106-ամեակի յիշատակութեան օրը, Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ պատմութեան մէջ աննախադէպ ամօթալի եւ խիստ դատապարտելի իրողութեան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ գրականութեան ինքնատիպ անուններէն է արձակագիր, թարգմանիչ, Խորհրդային Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, «Եղիշէ Չարենց» գրականւթեան եւ արուեստի թանգարանի նախկին տնօրէններէն Ստեփան Ալաճաճեան: