Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակին գրող մը հայերը տարօրինակ կը կոչէր. տարօրինակ՝ որ բազմաթիւ վանքեր ու եկեղեցիներ շինելով հանդերձ անհաւատութեան մէջ կը շարունակէ ապրիլ:
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութենէն երկու արժէքաւոր անդամներ արդէն եպիսկոպոսի թեկնածու դարձած են։ Սուրբ Աթոռի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ընծայարանի՝ Ժառանգաւորաց վարժարանի տեսուչ Տ. Թէոդորոս Վրդ. Զաքարեան եւ կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան միաբանութեան կողմէ ընտրուած են՝ որպէս եպիսկոպոսի թեկնածու։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) երէկ հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած օրհասական մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը։
Այսօր բովանդակ Թուրքիոյ մէջ կը նշուի 15 Յուլիսի Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օրը։ Ձախող պետական հարուածի տխուր տարելիցին ամբողջ երկիրը կ՚ամրապնդուի այն գիտակցութեան մէջ, թէ ազգային կամքը պէտք է ըլլայ այն միայն ու բացառիկ գործօնը, որ ուղղութիւն կու տայ ամէն ինչին։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Ճաքարթայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Էնտոնեզիայի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ ազգերու միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի շրջանակին մէջ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը։
Նիկոլ Փաշիեան եւ Իլհամ Ալիեւ այսօր Պրիւքսելի մէջ կը տեսակցին՝ միջնորդութեամբ Շարլ Միշելի, որու հետ ունեցան նաեւ առանձնազրոյցներ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մշակները, հողագործները իրենց տարերքին մէջ կ՚ըլլան, երբ կը հերկեն, կը ցանեն, կը քաղեն: Միայն անոնք կը զգան հողին բազկերակը, քմահաճոյքը, երբեմն՝ պահած գաղտնիքը, զոր գիտեն արժեւորել եւ պահպանել, փոխանցելով յաջորդ սերունդներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի հեթանոս նախնիներ կը տօնէին Վարդավառի տօնը։ Անոնք կը հաւաքուէին Աշտիշատի Իննակեան շրջանը, որպէսզի տօնախմբեն Նոր տարին՝ Նաւասարդը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Իմաստութիւն Սողոմոնի գիրքէն 7.25-8.4: Զաքարիայի մարգարէութենէն 14.16-21: Յովհաննէս առաքեալի Ընդհանրական Առաջին Նամակէն 1.1-7: Մատթէոսի Աւետարանէն 16.13-17.13:
Պաշարեալ Արցախէն կը շարունակեն հասնիլ մտահոգիչ լուրեր, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած նոր յարձակումներով հանդերձ։ Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան յայտարարեց, որ միջազգային հանրութիւնը, Ռուսաստանն ու Հայաստանը դիտորդի կարգավիճակով կողքէն կը նային, թէ ինչ կը կատարուի Արցախի մէջ։
Իրանի կրօնապետ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյի միջազգային հարցերով աւագ խորհրդական Ալի Աքպար Վելայէթի յայտարարեց, որ Թեհրան եւ Մոսկուա պէտք է զգօն ըլլան ՆԱԹՕ-ի դաւադրութիւններուն եւ Հարաւային Կովկասի ապագային վերաբերեալ։ «Թասնիմ» գործակալութեան կողմէ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարը անդրադարձած է Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանը իրարու կապելու ուղղեալ ջանքերուն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Ֆրանսայի հայ երիտասարդութիւն» (JAF) ընկերակցութեան Մարսէյլի մասնաճիւղէն անդամներ՝ գլխաւորութեամբ Փասքալ Շամասեանի եւ Լուսինէ Մելիքեանի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ Իսթանպուլէն տասն հոգիէ բաղկացեալ երիտասարդներու խումբ մը յուլիսի 5-10 թուականներուն միջեւ մասնակցեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորումի (ՀԵՀԵՄ) համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Աղվերան քաղաքին մէջ:
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հայերէն նոր գիրք մը, որ բանաստեղծութիւններու ժողովածոյ մըն է։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները վարակիչ հիւանդութիւններու եւ համաճարակներու գրականութեան մէջ տեղին մասին։
Լուսաւորութեան ամենամեծ յոյսը յառաջընթացն էր, իսկ համաճարակներէն վատթարագոյնը՝ յետընթացն էր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցին «աւետարանական խրատներ»ը գործադրելու ուխտերուն մէջ օրինակելի արժէք մը կը ճանչնայ։
Անսկիզբ եւ յաւիտենական Հայրը Իր իմաստութեան եւ բարութեան բացարձակօրէն ազատ եւ խորհրդաւոր տնօրինութեամբ ստեղծեց տիեզերքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մերօրեայ աշխարհը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի յաջողի նոր սերունդին սորվեցնէ այն՝ ինչ որ տասնամեակ մը առաջ տարօրինակ ու քննադատելի կը թուէր ըլլալ: Մերօրեայ աշխարը այս բոլորը կը կատարէ «ազատութիւն» անուան տակ եւ միւս կողմէ քաջալեր կը հանդիսանայ ապագայ սերունդին՝ ազատութեան մէջ գործելու համար այնպէս՝ ինչպէս կ՚ուզեն:
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Սփիւռքահայ մտաւորական Կիրակոս Գույումճեանի «Իմ երթս երկաթին հետ» արաբերէն գիրքը առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած է։
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը երէկ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ:
Կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին ռազմաթեքնիք բնագաւառէ ներս իրենց համագործակցութեան ընթացքին շուրջ:
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական նախարար Թոպիաս Լինտներ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, գերմանացի բարձրաստիճան դիւանագէտը ներկայիս տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է։