Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022

Գանատա որոշեց Հայաստանի մէջ բանալ դեսպանատուն մը։ Այս կապակցութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ճոլի, որու խօսքով՝ այս քայլը թոյլ պիտի տայ աւելի ամուր կապեր հաստատել երկու երկիրներու միջեւ ու մեծցնել աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարութեան ի նպաստ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 31-րդ ժողովը՝ Երեւանի մէջ:
Յարութիւնեան նիստի ընթացքին անդրադարձաւ Արցախէ ներս ձեռնարկուած լայնածաւալ բնակարանաշինական աշխատանքներուն:

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ շփումներ ունեցաւ Փարիզի մէջ։ Այսպէս, ան տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆէօյի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մայրցամաքային Եւրոպայի վարչութեան տնօրէն Ֆրէտէրիք Մոնթոլոյի եւ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի դիւանագիտական խորհրդական Իզապէլ Տիւմոյի հետ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ այսօր Մատրիտի մէջ կը սկսի ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որ բացառիկ նշանակութիւն ունի՝ միջազգային առկայ իրադրութեան բերումով։ Երբ պատերազմը հրատապ օրակարգ դարձած է, միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ է Շուէտի եւ Ֆինլանտիոյ դաշինքին անդամակցութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022

Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) քարտուղարութիւնը երէկ յետմիջօրէին պաշտօնապէս տեղեկացուց, թէ համայնքային հաստատութիւնները ընդհանուր ըմբռնումի մը հասած են եւ ընտրական նոր կանոնադրութեան համար որոշած՝ ստեղծել ընտրական մարմիններ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Էնկինն ու անդամներէն Օննիկ Խաչատուրեանը։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022

Կանաչը կենսունակութեան, յարատեւութեան գոյնն է։ Ծառը կեանքի նշան է։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցն ալ կեանքի ծառը ջրելու ուղղեալ կոթող մըն է։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին առջեւ նոր հորիզոններ՝ նոր սկիզբի առթիւ:
Խնամատար մարմինը բազմակողմանի աշխատանքը յառաջ կը տանի բարձր նշաձողով, յստակ առանցքներու շուրջ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Նիկոլ Փաշինեան, վերջերս, բացէ ի բաց ակնարկեց այն մասին, որու կապակցութեամբ ամիսներ շարունակ կ՚աղմկէր գետը՝ Արցախը Մայր Հայաստանին կապող միակ ուղին՝ Բերձորը պիտի յանձնէ: Ողջամիտ ու սրտցաւ մասնագէտներ, փորձագէտներ երկար ժամանակ կը պատռէին իրենց կոկորդները՝ հնչեցնելով սթափութեան, միասնութեան կոչեր, աւա՜ղ ապարդիւն:

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 15 տարիներ առաջ՝ 2007 թուականին Գերմանիոյ մէջ հիմնուած «Սթաթիսթա» (Statista) ուսումնասիրութեան կազմակերպութիւնը 2021-2022 թուականներուն կատարած իր հետազօտութիւններուն իբրեւ արդիւնք, յայտարարած է ցանկը «Աշխարհի ամենէն ջղային» երկիրներու, որոնց մէջ մենք կարեւոր տեղ կը գրաւենք:

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վախի մասին շատ գրուած է:
Վախը մարդուն մէջ բնական երեւոյթ մըն է, որ փոքր ժամանակէն կը սկսի արտայայտուիլ եւ շատ յաճախ մինչեւ կեանքին վերջ կը տեւէ, եթէ մարդ ճիշդ կերպով չկարենայ դիմագրաւել ու յաղթահարել իր մէջ եղող այդ վախը:

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անցնող օրերուն Երեւանը ճազային տրամադրութեան մէջ էր. Հայաստան այցելեց եւ համերգ մը ունեցաւ աշխարհահռչակ ֆրանսացի երգչուհի Զազ: Համերգէն առաջ լրագրողներուն հետ հանդիպումին երգչուհին յայտարարեց, որ ինք շատ ուրախ է, որ կը գտնուի Շարլ Ազնաւուրի հայրենիքին մէջ եւ ատով փաստեց իր մեծ յարգանքը եւ ակնածանքը Ազնաւուրին հանդէպ, որուն հետ զուգերգ կատարած է:

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Միջին Արեւելք կամ Մերձաւոր Արեւելք կամ Եւրոպային ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենամօտիկ արեւելքը, աւելի Միջերկրականին արեւելեան ու հարաւ-արեւելեան ու մինչեւ Պարսկաստան ընդգրկուն աշխարհաքաղաքական տարածքին անունն է, նոյն ԱՄՆ-ին կողմէ ընհդհանրացուած:

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Քահանան կ՚ըսէ. «Որպէսզի ասիկա [Սուրբ Հաղորդութիւնը], մեզի՝ բոլոր մօտեցողներուս համար անդապարտութիւն, մեղքերու քաւութիւն եւ թողութիւն ըլլայ»:
Սուրբ Պօղոս առաքեալ այսպէս կը գրէ. «Հետեւաբար, ամէն անգամ որ այս հացը կ՚ուտէք եւ բաժակէն կը խմէք, Տիրոջ մահը կը պատմէք, մինչեւ Իր երկրորդ գալուստը: Այսուհետեւ՝ ո՛վ որ անարժանութեամբ ուտէ այս հացը կամ խմէ Տիրոջ բաժակէն, Տիրոջ մարմինին եւ արեան դէմ մեղանչած կ՚ըլլայ:

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ողորմածը կ՚ըսէր «վրանիս շիտակ պատ չի փլիր...»: Մի քանի օրեր առաջ համացանցի ճամբով բարեկամութեան առաջարկ կը ստանամ Համիտ Աքտենիզ անունով անձի մը կողմէ. ժամեր ետք անծանօթը նամակ մը կը ղրկէ ըսելով, որ կարեւոր խօսակցութիւն մը ունի հետս:

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս այս առաւօտեան դրութեամբ կարեւոր հրապարակում մը կատարուեցաւ։ Այսպէս, յայտնի են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի նոր հանդիպման վայրն ու թուականը։

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը ունի առանձնայատուկ մթնոլորտ՝ մէկ կողմէ նուիրական, միւս կողմէ կենսանորոգ։ Համալիրը ունի իր պատկառանքը՝ որ իւրաքանչիւր վերանորոգութենէ կամ բարեզարդումէ յետոյ ի յայտ կու գայ նորովի։

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022

Էսաեան վարժարանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտութեան հանդէս, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Մելիսա Սիլելեանի եւ Ռալֆ Եալըն Չամի։ «Ողջո՜յն տաճար»ի երգեցողութենէն վերջ տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով։

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի շրջանաւարտներուն համար շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հրաժեշտի խանդավառ հանդիսութիւն մը։ Լիսէի 53-րդ ը-ջանաւարտները ուղեւորուեցան՝ Սամաթիոյ ընտանիքի ամենաջերմ զգացումներուն առարկայ դառնալով։

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022

ERVAB երէկ երեկոյեան ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ: Համայնքային հաստատութիւններու ընտրական նոր կանոնադրութեան պարագային ճկունացման յոյսերը կը նուազին՝ մասնաւորապէս ընտրաշրջաններու վերասահմանման առումով: Ըստ լսումներու, հաւանականութիւնը կը բարձրանայ, որ կարգ մը կառոյցներու մատակարար մարմինները վերչական դատեր պիտի բանան, ինչ որ անկանխատեսելի ձգձգումներու եւ յապաղումներու պատճառ կրնայ դառնալ:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու. «Եթէ այսպէս վարուինք, ապա չենք կրնար ընտրութիւն ընել»:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան ներկայացուցիչները պիտի մէկտեղուիլ թրքահայ վարիչներու հետ՝ նոր դրութեան շուրջ տեղեկութիւններ տալու եւ իրերամերժ ընկալումները կանխելու համար:

Էջեր