Արխիւ
Զապէլ Եսայեանի կեանքն ու երկերը «Ինքլափ»էն. արտասովոր կնոջ մը դիւցազնային ոդիսականը:
Սօսի Անթիքաճեանի նոր գիրքին մէջ մեծանուն գրողը կը ներկայացուի այն գաղափարներով, որոնք անդրանցած են իր դարը:
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր ժողով մը կը գումարէ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Անցեալ երկուշաբթի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցած ժողովի ընթացքին որոշուած էր այսօր խորհրդակցութեան ընդգրկել նորաստեղծ ընտրական մարմինները, որոնք կազմուած են՝ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան հրապարակման զուգահեռ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան թեւակոխած է իր քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեայ յոբելենական շրջանը։ Շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները ջերմօրէն ողջունեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռնադրութեան տարեդարձը Գնալը կղզիին մէջ, ուր ան զանազան արարողութիւններու հանդիսապետեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երդիքին տակ։
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան վերջերս մասնակցեցաւ Եւրոպայի Ազգային գրադարաններու (CENL) տարեկան ընդհանուր ժողովին։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Ազգային գրադարանը կը հանդիսանայ CENL-ի անդամ։
Գերմանիոյ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման նախարար Սվենիա Շուլցէ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ան ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
Առաջին անգամ լուսանկար մը՝ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններէն:
Սերտար Քըլըչ-Ռուբէն Ռուբինեան Վիեննայի երէկուան հանդիպումը տարբերուեցաւ նախորդներէն: Անգարա եւ Երեւան համաձայնութեան հասան՝ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն բանալու համար:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան վերջերս այցելեց Սթրազպուրկ, Ֆրանսա։ Սթրազպուրկի համալսարանէն ներս ան մասնակցեցաւ 4-րդ դարու ճգնակեաց Աստուածաբան՝ Սուրբ Եւագր Պոնտացիին նուիրուած հայրաբանական միջազգային գիտաժողովի մը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս միջոցէ մը ի վեր գործել սկսած է «Զուարթնոց» մշակութային նորաստեղծ յանձնախումբը՝ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեան ներքեւ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հաւատացեալներուն պատգամ մը տուաւ արարողութեան ընթացքին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Եոէլ Լիոնը, որ վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին յանձնեց իր հաւատարմագիրը եւ որու նստավայրը կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շաբաթավերջին կը նախագահէ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։ Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց երեկոյեան ժամերգութեան եւ նախատօնակի։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երաժշտական ձեռնարկ մը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Կղզեբնակ հոծ թիւով երաժշտասէրներ մասնակցութիւն բերին այս երեկոյթին, կայանի տղոց եւ պատասխանատուներու առընթեր։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Մեր գիտցած պսակի աւանդական արարողութիւնները կարծես ժամանակավրէպ դարձած են այլեւս, 21-րդ դարու Ամերիկային մէջ։
Հայերուն պսակադրութիւնները տակաւին տեղի կ՚ունենան հայկական եկեղեցիներու մէջ, սակայն ամերիկացիներուն պսակադրութիւնները տեղի կ՚ունենան քիչ մը ամէն տեղ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին օրերուն Լիբանանի մէջ առկայ տագնապներուն մասին վերլուծութիւնները բնաւ յուսադրիչ չեն։ Խօսքը կը վերաբերի մասնաւորապէս «Շարք ալ Աուսաթ» պարբերականին, որ կիսով չափ կը համարուի Սէուտական Արաբիոյ խօսափողը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան Սուրբգրային ընթերցումները առնուած են Եսայիի մարգարէութենէն 1-ին գլուխ 21-31 համարներ, Պօղոս առաքեալին Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն 7-րդ գլուխ 25-րդ համար եւ 8-րդ գլուխ 1-11 համարներ, եւ Մատթէոսի Աւետարանէն 12-րդ գլուխ, 38-45 համարներ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նկատենք թէ ոչ, ժամանակը իր հետ կրցաւ փոխել գրեթէ ամէ՛ն բան: Վերիվայր ըրաւ ամէն բան եւ այն երեւոյթը, որ բնական էր, դարձուց արտասովոր, իսկ արտակարգը՝ բնական:
Փարիզի «Buci» գեղարուեստասրահին մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ քանդակագործ Նինա Խեմչեանի «Ոսկիի դարաշրջանը» (L'Age de l'Or) խորագրեալ ցուցահանդէսը, որու բացման մասնակցած է նաեւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան։
Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու պետական կաճառին (INALCO-ԻՆԱԼՔՕ) կից սկսաւ գործել հիմնադրամ մը։ Ըստ «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներուն, այս հիմնադրամի գործունէութեան սկիզբին առթիւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական արարողութիւն մը։
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան եւ Վարշաւիոյ սակարանին միջեւ կնքուեցաւ պայմանագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս փաստաթուղթով Հայաստանի սակարանի բազմատոմսերը վաճառուեցան Լեհաստանի կողմէ։
Փութին եւ Ալիեւ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հարցերու:
Պաքու-Մոսկուա առանցքին վրայ շփումները այս շրջանին կը խտանան՝ զանազան մակարդակներու վրայ քննարկումներով: