Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Համբերութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ՝ «երկխօսութիւն»ը անհրաժեշտ է թէ՛ անհատներու, թէ՛ հաւաքականներու միջեւ, քանի որ մարդ, որպէս «բանաւոր արարած» խորհելու ե՛ւ խօսելու կարիքը ունի հասկցուելու եւ ինքզինք արտայայտելու համար։ Արդարեւ, մարդ ընկերային արարած մը ըլլալով, պարտաւո՛ր է ապրիլ հաւաքականութեան մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայութեան մէջ կար սերունդ մը, որ իր հայրենասիրութենէն մղուած՝ համոզուած էր, թէ հայը չի՛ կրնար կորսուիլ, չի՛ կրնար տկարանալ եւ իր արժէքները մոռնալ, որովհետեւ պատմութեան ընթացքին այսքա՜ն արհաւիրք տեսած ժողովուրդ մը եթէ ցայսօր կ՚ապրի՝ ուրեմն կ՚ապրի մինչեւ աշխարհի վախճանը:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Օգոստոսի 25-ին Լաչինի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակիչները վերջնապէս լքեցին իրենց տուները։ Բնակավայրերը ամայացան։ Վերջնագիրը Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած էր եւ վաւերացուած՝ ռուս խաղաղապահներուն կողմէ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանը։ Բանակցութիւններէն վերջ նախարարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ. «Կարեւոր է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բնակչութիւնը պատրաստել կայուն խաղաղութեան»:
Երեւան-Պաքու բնականոնացման առանցքը կը սահի դէպի Պրիւքսել:
Նիկոլ Փաշինեան, Շարլ Միշել եւ Իլհամ Ալիեւ համաձայնեցան, որպէսզի գործընթացը շարունակուի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններով:
Այսօր Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս կը սկսի 2022-2023 կրթական շրջանը։ Վերամուտը երկրին մէջ կը նշուի՝ որպէս Գիտելիքի օր։
Պատրիարքական Աթոռը երէկ հանդէս եկաւ կոչով մը։ Թէեւ երկար ժամանակ վերջ համայնքային ընտրութիւններու իրականացման շօշափելի հեռանկարը ուրուագծուած է, սակայն, նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ համայնքային վարիչներու ցուցաբերած մօտեցումը մեծ յուսախաբութեան եւ մտահոգութեան պատճառ դարձած է։
Համայնքային ընտրութիւններու կազմակերպման աշխատանքները հետզհետէ կը հեռանան համակարգուած բնոյթ ունենալէ:
Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ինքնագլուխ նախաձեռնութեամբ ծագած մտահոգութիւնը կը բազմապատկուի ընդհանուր անփութութեամբ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Տատի, այսօր նորէն մտովի քեզի հետ արթնցայ: Կը կարօտնամ մեր զրոյցները, քու բարի ու խոնարհ դէմքը, թախծոտ հայեացքը, բուժիչ ձայնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայոց քրիստոնէութիւնը ընդունելու պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ «վարդապետութիւն»ը համեմատաբար շատ հեշտ տարածուեցաւ Հայաստանի մէջ Դ. դարուն, սակայն եւ այնպէս եղան մաքառումներ, տարակարծութիւններու պատճառով հին եւ նոր գաղափարներու մէջ եւ վերջերն ալ բաւական ընդհարումներ տեղի ունեցան։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք Բժշկապետ Վահան Արծրունիի «Բժիշկի զրոյցներ» շարքի գրքոյկներուն արեւմտահայերէնի վերածումը եւ մեր ընթերցասէրներու ուշադրութեան յանձնելը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կասկածէ վեր է որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին հայ ժողովուրդէն աւելի հարուստ, ինչպէս նաեւ աղքատ ազգութիւններ, սակայն ի տարբերութիւն բոլորին հայը ունի տարբեր բնաւորութիւն մը՝ որ յատուկ է միայն իրեն. հայը կը սիրէ հարստացնել օտարը, սակայն տեսնել հայու մը սնանկութեան առաջնորդուիլը՝ եղբայրասիրութեան հականիշ օրինակ մը դառնալով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ, հայերէն ձեռագիրներէն զատ, կը պահուին նաեւ այլ հնագոյն լեզուներով ձեռագիրներ, որոնք նոյնպէս պատմական արժէք ունին:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աշխարհը կը քարանայ: Կը քարանան նաեւ մարդոց սրտերը: Ազատութեան քօղի տակ կը կորսնցնենք մեր իրական ազատութիւնը: Ջերմութիւնը կը փոխարինենք սառնութեամբ ու անտարբերութեամբ: Խորասուզուած համացանցի մէջ, կը կորսնցնենք ապրելու վայելքը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Հայատանեայց Աւետարանական եկեղեցին իր ծնունդով հայկական է։ Ահա թէ ինչու ան անուանուեցաւ Հայաստանեայց։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպիսի՞ն է ամբարիշտներուն վարք ու բարքը:
Պատասխան. Ամբարիշտներուն ճամբան մի՛ երթար ու չարերուն ճամբուն մէջ մի՛ քալեր: Անկէ զգուշացի՛ր, անոր քովէն մի՛ անցնիր, անկէ խոտորէ՛ ու անցի՛ր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ լեզուի մէջ «մահ» բառին ստուգաբանութիւնը, ինչպէս նախապէս ըսուած էր, կը կատարուի. «մարմին առանց հոգիի»՝ առաջին տառերը նկատի ունենալով «Մ», «Ա», «Հ»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հաւանաբար աշխարհի մէջ գրուած ամենէն իմաստալից եւ գեղեցիկ խօսքը հետեւեալն է. «Աշխարհի մէջ առանց վիշտի մարդ չ՚ըլլար. մարդ եթէ վիշտ չունենայ, մա՛րդ չ՚ըլլար». վերջապէս բոլորս ալ տեղ մը համոզուած ենք, որ մարդկային է վիշտ ունենալը՝ առանց դասակարգի խտրականութեան:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Բանակցութիւններէն առաջ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքն ալ հանդիպում մը ունեցաւ անոնց հետ եւ ողջունեց իրենց կողմէ գլխաւորուած՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի աշխատանքներուն շարունակուիլը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Գուցէ Նիկոլ Փաշինեան եղաւ Հայաստանի առաջին ղեկավարը, որ 23 օգոստոսին «բաց թեքստ»ով ակնարկեց, թէ այս օրերուն երկրի անկախութիւնը վտանգուած է։
Ի դէպ հարկ է յիշեցնել, որ միայն օրեր առաջ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը նշեցին Անկախութեան հռչակագրի «ծննդոց»ի 32-րդ տարեդարձը, որ կը զուգադիպէր օգոստոսի 23-ին։