Արխիւ
Էսաեան վարժարանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտութեան հանդէս, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Մելիսա Սիլելեանի եւ Ռալֆ Եալըն Չամի։ «Ողջո՜յն տաճար»ի երգեցողութենէն վերջ տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ուշագրաւ գրառումով մը։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ ընկերային զանազան առցանց հարթակներու վրայ իր դէմ յառաջ քշուած անհիմն պնդումները, իրեն հասցէագրուած անարգանքներն ու անհատական իրաւունքներու դէմ ոտնձգութիւնները արժեւորուած են պատկան դատական իշխանութիւններուն կողմէ։
Էսաեան վարժարանի 2021-2022 տարեշրջանի հունձքը խանդավառ հանդէսով մը հրաժեշտ առաւ՝ բոլորի բարձր գնահատանքի եւ ապագայ յաջողութիւններու բարեմաղթութիւններու մթնոլորտին մէջ։ Դպրոցը այս տարի ունի 36 շրջանաւարտ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան, որ առիթ դարձաւ հոգեւոր մեծ հրճուանքի։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Թուրքիա բնականոնացման գործընթացէ մը կ՚անցնի Եգիպտոսի, Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ։ Իր խօսքով՝ անկարելի է արտաքին քաղաքակութիւնը կառավարել կռիւով եւ թշնամանքով։
Գնալըի բարձունքին վերստին կենսունակութիւն կը տիրէ՝ համայնքի զաւակներու համախմբումով:
Գարակէօզեան Տան Կազդուրման կայանը համավարակի շրջանէն վերջ վերստին դռները բացաւ՝ տօնական մթնոլորտի մէջ:
Բոլոր անոնք, որոնք այս շրջանին կ՚այցելեն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, համալիրէն ներս ականատես կը դառնան պայծառակերպուած կացութեան։ Պատմական շէնքերը վերջին շրջանին վերանորոգուած ու բարեզարդուած են ու կը շողան իրենց սքանչելի դիմագիծով։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի կը լրանայ 100-ամեակը սփիւռքահայ բանաստեղծ, արձակագիր Վահէ Օշականի, որ ծնած է 1922 թուականին Փլովտիւ, Պուլկարիա, որդին է յայտնի գրագէտ եւ վիպասան Յակոբ Օշականի։ Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած է Կիպրոս եւ Երուսաղէմ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մենք չենք գիտեր, թէ որու կը պատկանի աշխարհի ամենաերկար երաժշտական ստեղծագործութիւնը։ Բայց գիտենք բան մը, որ մեր զգացումները կը «դրդեն» այդ երաժշտութեան առաջին իսկ ձայնանիշերը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալ փետրուարին ընթացք առած Ուքրայնայի պատերազմը կը շարունակուի։ Ոչ առաջուան «խտութեամբ», բայց եւ այնպէս, տարբեր ձեւաչափերով եւ տարբեր տարածքներու վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Է.- «Մի՛ Գողնար».- Յայտնի «Ուաշինկթըն Փոստ»ի (The Washington Post) 2015 թուականին հրապարակած տուեալներուն համաձայն, աշխարհի բնակչութեան 18 առ հարիւր տոկոսը գողեր են, իսկ ուրիշ աղբիւր մը յայտնէ, որ աշխարհի վրայ մէկ վայրկեանուայ մէջ աւելի քան 5 գողութիւններ կը կատարուին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան այժմու մօտեցումները գոյութենական սպառնալիք են»:
Սահակեան. «Հայաստանի մէջ իշխանաւորներ նշանակելու Ռուսաստանի հնարաւորութիւնները գերագնահատուած են»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան սուրբգրային ընթերցումները առնուած են Եսայիի մարգարէութենէն 1-ին գլուխ 2-15 համարներ, Պօղոս առաքեալին Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն 6-րդ գլուխ 12-23 համարներ, եւ Մատթէոսի Աւետարանէն 12-րդ գլուխ, 1-8 համարներ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դ.- «Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ».- Մեղաւոր այս ականջներս ինչե՜ր ըսես չլսեցին եւ ինչե՜ր ըսես չտեսան... զաւակին կողմէ «բոզ» ու «շուն» որակուող մայր, զաւակներուն կողմէ ծեծի ենթարկուած ծնողք, հարազատ աղջկան կամ տղուն կողմէ սպաննուած մայր կամ հայր եւ դեռ շա՜տ աւելին:
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտներու վկայականներու յանձնման արարողութիւնը։ Հանդէսը անցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ շրջանաւարտութեան հանդէսը վերջին օրերուն առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Դպրոցէն հրաժեշտ առած արամեանցիները Գատըգիւղի ընտանիքի պատասխանատուներու գուրգուրանքին առարկայ դարձան։
Գարակէօզեան Տան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէս, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի այս տարուան հունձքը հրաժեշտ առաւ՝ առարկայ դառնալով Գարակէօզեան Տան ամբողջ ընտանիքի ամենաջերմ զգացումներու։
Կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ հինգշաբթի՝ 30 յունիսին Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը շատ կարեւոր համերգով մը հանդէս պիտի գայ Հայպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով աւարտեց դէպի Պաքու իր աշխատանքային այցելութիւնը, որու ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս առթիւ Ալիեւ նշեց, որ Պաքու կ՚ակնկալէ Մոսկուայի գործուն ջանքերը՝ Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան կայացման համար։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանն ու Մարդու իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։