Արխիւ
18 Haziran 2022 tarihinde yayınlanan seçim yönetmeliği, Hastanemiz hariç tüm Vakıflarımıza seçim yapma imkanı tanımıştır. Yönetmeliğe göre seçim çevreleri Milletvekili seçim Bölgeleri olarak belirlenmiştir.
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղ. խորհուրդը ինքնագլուխ դիմում մը կատարած է ընտրութեան ձեռնարկելու համար՝ միայն 800 հոգի նախատեսելով որպէս քուէարկու։
Համայնքային շրջանակները այս զարտուղի քայլը կը նկատեն ակնյայտ ոտնձգութիւն մը մեր ժողովուրդին դէմ եւ տխուր խափանարարութիւն՝ ուղղեալ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ներդաշնակութեան, ինչ որ դուռ կը բանայ անհանգստացուցիչ կասկածներու։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին ատենապետ Իսքենտէր Շահինկէօզի նկատառման յանձնեց արդար վերապահութիւնները եւ յորդորեց վերատեսութեան ենթարկել որդեգրուած ընթացքը։ ERVAB վճռական յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ զգուշացնելով, որ կրնայ իրաւապահ մարմիններուն դիմել այս անարդարութեան կապակցութեամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ մեծապէս աճեցաւ եւ կը շարունակէ աճիլ մուրացկանութիւնը։ Այսօր Հայաստանի գրեթէ ամէ՛ն փողոցի վրայ կարելի է հանդիպիլ տարեցներու, որոնք իրենց ափը մեկնած մի քանի ղուրուշ ողորմութիւն կը խնդրեն՝ ապահովելու համար իրենց գոյութիւնը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
MR-ը գտած Տքթ. Ռէյմընտ Տամատեան անմոռանալի աւանդ մը թողած է բժշկութեան պատմութեան մէջ. հայ ժողովուրդը երանութեամբ հրաժեշտ կու տայ իր հանճար զաւկին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Յաճախ կը պնդուի, թէ դժուար ժամանակներու մէջ պէտք է դիմել յոյսի փիլիսոփայի մը։ Ճիշդ այդպիսի ժամանակներուն յիշենք Արթուր Շոփենհաուըրը, որ կը համարուի յուսահատութեա՛ն փիլիսոփայ։ Սա անոր անհասկնալիութեան, ծայրայեղ յոռետեսութեան պատճառով չէ, այլ, ընդհակառակն, ան կը մտածէ այնպիսի հոգեվիճակներու մասին, որոնք յանկարծ մեզ կ՚անհանգստացնեն՝ ձանձրոյթ, առանձնութիւն պատճառելով եւ անհնար թուացող երջանկութեան գիրկը նետելով…
Երեւանի Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի հաւաքածոն համալրուեցաւ մեծանուն գրողին նորաստեղծ դիմանկարով, որու հեղինակն է յայտնի նկարիչ Հրաչեայ Ռուխկեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս կտաւը երկար տարիներ մասնաւոր հաւաքածոներու մաս կազմած է ու հանուած վաճառքի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը շաբաթավերջին եղբայրական հանդիպում մը ունեցան Գնալը կղզիին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք Գնալը կղզի փութացած էր նախագահելու համար յունաց Մեթամորֆոսիս (Այլակերպութիւն) վանքի տօնախմբութեան։
Մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Շանթ Գազանճըի աստղը վերջին շրջանին կը փայլի մարզական աշխարհէն ներս։ Այսպէս, ան ֆութպոլի մէջ վերելք կ՚արձանագրէ, ինչ որ մեծ ուրախութեամբ եւ գնահատանքով կ՚ընկալուի ամբողջ համայնքին կողմէ։
Պատրիարքական Աթոռը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ ահազանգային յայտարարութիւնով մը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքենտէր Շահինկէօզի միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցած հանդիպման լոյսին տակ հրապարակուած է այս պաշտօնական յայտարարութիւնը, որ թարգման կը հանդիսանայ Պատրիարքարանի վերաբերմունքին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական բաժանմունքին՝ CIA-ի տնօրէնին Երեւան այցելութիւնը անհրաժեշտ լուսաբանումը չունեցաւ: Ենթադրութիւններ, մեկնաբանութիւններ անշուշտ հրապարակուեցան, սակայն պարզաբանում չեղաւ, թէ պաշտօնապէս ի՛նչ նպատակ ունէր այցելութիւնը:
«Foreign Policy» ամերիկեան հեղինակաւոր հանդէսին մէջ վերլուծութիւն մը լոյս տեսաւ՝ Մաքսիմիլիըն Հեսի ստորագրութեամբ։ Այս առթիւ մատնանշուեցաւ, որ եթէ Արեւմուտքը կը փափաքի կանխել Լեռնային Ղարաբաղի երրորդ պատերազմը, ապա պէտք է բանակցութիւններու նոր ձեւաչափ մը փնտռէ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Սոչիի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Բանակցութիւնները տեւեցին 4 ժամ 15 վայրկեան եւ աւարտին երկու նախագահներու կողմէ հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատուեց «Արաս»ի լոյս ընծայած «Կապոյտ երազ» գիրքին շնորհանդէսը:
Սեւան Տէյիրմենճեան կղզիի բարձունքին ներկայացուց իր կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած հետաքրքրական հատորը:
Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ. Միացեալ Նահանգներ պատրաստ է ներգրաւուիլ Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութեան:
Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչները զգուշացուցած է, որպէսզի մինչեւ 25 օգոստոս լքեն իրենց տուները: Արցախի խաղաղ բնակչութեան կեանքի իրաւունքը երաշխաւորուած չէ:
Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան վերաբերեալ առկայ տարակարծութիւնները հասած են բանավէճի մը եզրին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ պատգամ մը ուղարկեց Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին։
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Հայկական սփիւռքը, գէթ դասականը, ցեղասպանութեան հետեւանքն է: Այդ մէկը պարտադրուած իրականութիւն մըն է, երբ ազգովին տեղահան եղանք մեր պապենական հողէն եւ կազմեցինք փոքրիկ հայաստաններ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածէն հատուած մը վերցուած է Պօղոս Առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն, ուրկէ կը քաղենք այս մի քանի համարները.
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մտահոգիչ կը դառնայ Հայ Եկեղեցւոյ վիճակը եւ իր նախկին առաջնորդողի դերէն դուրս գալով՝ կամաց-կամաց կը վերածուի պարզապէս խորհուրդներ կատարուող վայրի մը՝ մինչեւ որ հասնի օրը եւ դադրի նաեւ եկեղեցական խորհուրդները կատարելու աւանդութիւնը, ինչ որ արդէն իսկ սկսած է հայրենիքէն ներս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արտագա՜ղթ… երազը բոլոր անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ հայրենիքի սահմաններէն դուրս գալով դրախտի դուռը բացուած պիտի տեսնեն իրենց դիմաց՝ աւետեաց երկրի բոլոր խոստումներով:
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ես Յովսէփն եմ, հա՛յր,
Եղբայրներս զիս չեն սիրեր,
Իրենց մէջ ինծի չեն ուզեր, հա՛յր: