Ընկերա-մշակութային
ՍՓԻՒՌՔԸ՝ ՈՐՊԷՍ ԴԱՇՆԱԿԻՑ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական հիմնարկը կը վերլուծէ Հայաստանի արտաքին ու ներքին քաղաքական խնդիրները:
Սաֆարեան. «Մենք այսօր օրակարգի վրայ ունինք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հարցը, որովհետեւ սա մեզի համար կը նշանակէ նոր ճանապարհ դէպի աշխարհ»:
ՏՈԼՄԱՅԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Զբօսաշրջութեան խրախուսման ուղղեալ ծրագրերը հետզհետէ կ՚ընդգրկեն ազգային խոհանոցներու ծանօթացման նախաձեռնութիւններ:
Մուսալեռի յուշահամալիրին մօտ այս տարի հինգերորդ անգամ կազմակերպուած խրախճանքը ստեղծեց աննախընթաց խանդավառութիւն:
ԿԱՆՈՆ ՀՈԳՒՈՅՆ ՍՐԲՈՅ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պատրիարքական Աթոռի հրատարակչութեան յանձնախումբը լոյս ընծայեց «Կանոն հոգւոյն սրբոյ գալստեան» խորագրեալ գրքոյկը, եկեղեցական ու եկեղեցասէր շրջանակներու գործածութեան համար։ Խմբագիրն է Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։
«ԿՌՈՒՆԿ»Ի ԹԵՒԱԾՈՒՄԸ
Սայաթ Նովա երգչախումբը երէկ երեկոյեան «խապրիկ մը բերաւ մեր աշխարհէն…» հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ:
Խմբավար Մելիքճան Զամանի մականին ներքեւ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրուեցաւ՝ երգերու եւ բանաստեղծութեան համադրութեամբ: Ունկնդիրներու մասնաւոր համակրանքին առարկայ դարձաւ մեներգչուհի Շուշան Գալաթաշ:
STREET WORKOUT-Ի ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստան կը պատրաստուի այս տարի հիւրընկալել միջազգային մրցաշարք մը, որու նպատակներէն մին է՝ շարժման անցընել երիտասարդութիւնը:
Նոր ոճով մարզական շարժումը հետզհետէ աւելի մօտիկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ համայն աշխարհի վրայ:
ԵՒ ԱՐԴԷՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ
Վիեննայի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2015»ի առաջին կիսաեզրափակիչը:
«Genealogy» խումբը սկզբնական պատնէշը յաղթահարեց «Առերեսուէ ստուերին» երգով:
ՀՐԷԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԾՐԱԳԻՐ
Արցախի Մէջ Յունիսին Տեղի Պիտի Ունենայ «Թութի Փառատօն»
Յառաջիկայ Յունիսի 27-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան եւ «Արենի փառատօն» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ՝ Ամարաս վանքի յարակից տարածքին մէջ առաջին անգամ պիտի կազմակերպուի Թութի փառատօն:
Կը Յիշեմ «պապենական տուն»ը
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Մեր ընտանիքի պատմութիւնը սիրած եմ, բայց նաեւ ժամանակ տրամադրած՝ փորձելով կառուցել այսպէս ըսած «ընտանեկան ծառը»։ Եւ այս ոչ միայն անուններով, բայց նաեւ նկարներով։ Եւ այս նկարները ինծի համար դարձած են հարստութիւն, ապա նաեւ աւանդ եւ ժառանգ՝ ապրելու իմ (ու ընտանիքիս) կեանքը նոյն տեսլականով…։

