ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ՝ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՐԽԻՒԷՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱԶՈՒԱԳԻՒՏ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ուշագրաւ ու եզակի հրատարակութիւն մը դրուած է մեր սեղաններուն վրայ: Մխիթարեան միաբան, բանասէր եւ հետազօտող Հայր Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեանի ջանքերով լոյս տեսած է «Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Թահթաճեանի փաստաթուղթերը Վատիկանի արխիւին մէջ» խորագրով գիրքը: