«ՍՈՒՐԲ ԵՂԻՑԻ ԱՆՈՒՆ ՔՈ» ՆՈՐ ԱՐՁԱՆ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տպաւորիչ արձան մը օրերս զետեղուեցաւ Երեւանի Զաքեան փողոցի վրայ գտնուող «Մանկական զբօսայգի»ի մէջ՝ «Սուրբ եղիցի անուն քո» նոյնքան տպաւորիչ անուանումով:
Հակառակ որ զբօսայգին «Մանկական» կը կոչուի, այս արձանը իր նշանակութեամբ, տեսքով ամենեւին կապ չունի մանուկներուն հետ: