ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԼՈՆՏՈՆ
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի այցելէ Լոնտոն եւ ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ Անգլիոյ Միջազգային յարաբերութիւններու արքունի կաճառին մէջ։ Պաշտօնական հրաւէրով ան պիտի խօսի Chatam House-ի երդիքին տակ, ինչ որ զայրոյթ յառաջացուցած է Պաքուի մօտ։
Ֆրանսահայ յայտնի գրող Վալերի Թորանեանի «Օտարը» գիրքը արժանացաւ «Մատամ Ֆիկարօ» մրցանակին։ «Մատամ Ֆիկարօ»ն յայտնի «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթի կանանց յաւելուածն է, որ ունի բաւական լայն տարածում ու կը կազմակերպէ նման մրցոյթ մը։

25-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովը կը գլխաւորէ ԱՔ կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուն: