ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԱԿՏԵՊՈՒՐԿ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ԱՌԹԻՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ. ԵՐԿՈՒ ԶՈՀ
Գերմանիոյ Մակտեպուրկ քաղաքին մէջ երէկ յարձակում մը տեղի ունեցաւ՝ Սուրբ Ծնունդի առթիւ կազմակերպուած աւանդական տօնավաճառին վրայ։ Անձ մը ինքնաշարժը քշեց տօնավաճառի տարածքի այցելուներուն վրայ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի թղթակիցներէն Անուշ Թրուանց եւ Սագօ Արեան այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։ Տարեվերջի կարճ արձակուրդի մը համար անոնք եկած են Պոլիս, ուր կը շփուին իրենց բարեկամական շրջանակին հետ։
«D-8»ի երկիրներու ղեկավարներուն մասնաւոր նիստը՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի կացութեան շուրջ:
Ազգային Մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ նախընթաց օր Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Սահիպա Կաֆարովան։ Այս առթիւ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ Թուրքիա Զանգեզուրի միջանցքի նախագծի շուտափոյթ իրականացման յոյս ունի։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ընդունեց Լիբանանի վարչապետ Նեճիփ Միքաթին, որ այցելեց Անգարա։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ իրադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի Լիբանանէ ներս «Հիզպուլլահ»ի դէմ յարձակումերը։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան տակաւին պաշտօնապէս չէ արձագանգած տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ առաջարկներուն։
Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորումի 8-րդ նախարարական հաւաքը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Հայաստանը՝ քրիստոնեայ բնակչութեամբ ժողովրդավարութիւն, Ռուսաստան-Իրան մրցակցութեան կեդրոնին:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստան գործնականօրէն դուրս եկած է ՀԱՊԿ-էն եւ այդ կառոյցը կը լքէ, երբ թոյլտուութիւն ստանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ «Պարզ է, թէ ուր կ՚երթայ Հայաստան», ըսաւ ան։
Ռուսաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վալերի Կերասիմով յայտարարեց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը յաջողութեամբ կ՚ընթանան դէպի երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորում։