ՄԻՒՆԻԽԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Հարկ է նշել, որ անոնք Գերմանիոյ մէջ կը գտնուին՝ մասնակցելու համար Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին, որու շրջանակներէն ներս կ՚ունենան նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։