Լրահոս

ԸՍՏ ՊԱՅՏԸՆԻ, ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՌԱՄԱԶԱՆԻՆ ՀՐԱԴԱԴԱՐ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ ԿԱԶԶԷԻ ՄԷՋ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ Իսրայէլ մօտալուտ Ռամազանի ընթացքին պիտի դադրեցնէ իր ռազմական գործողութիւնները Կազզէի մէջ եւ յառաջիկայ շաբաթ հրադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւն մը պիտի գոյանայ։

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ, ԱՅԼԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ՆՇԱՆՆԵՐ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ռուսաստան-Ուքրայնա ճակատին վրայ միշտ տեղի կ՚ունենան կարեւոր իրադարձութիւններ։ Համընդհանուր երկար լռութեան շղարշը այս անգամ պատռուեցաւ Ռուսաստանի կողմէ, որ կարողացաւ նոր իրավիճակ մը ստեղծել՝ յատկապէս Ուքրայնայի հարաւային շրջաններուն մէջ եւ իր տիրապետութեան տակ առաւ ռազմաքաղաքական առումով մեծ կարեւորութեամբ Աւտեւքա քաղաքը։

ՖԻՆԼԱՆՏԻԱՅԷՆ ԵՐԵՔ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆինլանտիայէն երեք բարձրաստիճան դիւանագէտներ, որոնք վերջին օրերուն Անգարայի մէջ շփումներ ունենալէ վերջ եկած են Իսթանպուլ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Անգարայի մօտ Ֆինլանտիոյ դեսպան Փիրքքօ Համալաինէն, Հարաւային Կովկասի երկիրներու մէջ Ֆինլանտիոյ դեսպան Քիրստի Նարինէն եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու մէջ Ֆինլանտիոյ դեսպան Իլքքա Ռայի Սանէն։

Էջեր