ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՋԱՆՔԵՐ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Իսրայէլ-Պաղեստին հրադադարի մը հաստատման հարցը շաբաթավերջին քննարկեց «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի հետ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Իսրայէլ-Պաղեստին հրադադարի մը հաստատման հարցը շաբաթավերջին քննարկեց «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեան հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած առկայ հարցերուն շուրջ Իսրայէլի իշխանութիւններու նկատառման յանձնեց իր մօտեցումները։ Ան Իսրայէլի ղեկավարութեան յորդորեց՝ Սաղիմահայ համայնքը պաշտպանել բռնութիւններէն։
Ֆրանսա կրկնեց Հայաստանի ի նպաստ շարունակական աջակցութիւնը՝ երկրի նոր նախարարաց խորհուրդի ձեւաւորումէն վերջ։ Վարչապետ Կապրիէլ Աթալի գլխաւորած կառավարութեան նորանշանակ արտաքին գործոց նախարարը՝ Սթեֆան Սեժուրնէ շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը։
Հրանդ Տինքի դէմ ոճրագործութեան 17-րդ տարելիցը առիթ դարձաւ արդարութեան համատարած ցանկութեան հերթական անգամ յամառօրէն բարձրաձայնման:
«Ակօս»ի նախկին խմբագրատան առջեւ խոնարհուած ծաղիկները ցոլացուցին հոգելոյս լրագրողին նկատմամբ հազարաւորներու անսահման կարօտը, նաեւ իր աւանդին նուիրականացումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ շարունակեց իր երկկողմանի հանդիպումները Տաւոսի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։
Ֆրանսական ֆութպոլի աշխարհահռչակ աստղերէն, Փարի-Սեն-Ժերմեն (PSG) ակումբի դեսպան Նիքոլա Անելքայի Երեւան կատարած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Ան կեցութեան ընթացքին այցելեց երկրի ֆութպոլի ենթակառուցուածքները։
Եւ դարձեալ յունուարի 19։ Այսօր լրագրող-հրապարակագիր, «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի նահատակութեան 17-րդ տարելիցն է։ Այսօր դարձեալ իր սիրելիներն ու պատգամին, աւանդին հաւատարիմները ժամադրուած են այն կէտին վրայ, ուր ան թէ՛ ինկաւ եւ թէ անմահացաւ։
Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի աւանդութիւններով ամենաբարձր մակարդակի վրայ նախաձեռնութիւն մը. երախտիք եւ մեծարանք:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ Տաւոսի մէջ կը մասնակցի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, շարունակեց նաեւ իր երկկողմանի հանդիպումները։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը։ Այս վերջինը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանին կողմէ։