Լրահոս

ԷՐՔԱՆԻՆ ՓՈԽԱՐԷՆ ՔԱՐԱՀԱՆ

Մինչ կառավարութիւնը մեծ ջանքեր կը գործադրէ երկրի ելմտատնտեսական հաւասարակշռութիւնները կայունացնելու՝ մասնաւորապէս սղաճի եւ տարադրամի փոխարժէքի յաւելումը զսպելու ուղղութեամբ, երէկ Կեդրոնական դրամատան ղեկավարի պաշտօնին մէջ փոփոխութիւն կատարուեցաւ։

ԱՆՎՏԱՆԳԱՅԻՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

«Պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի յարաբերութիւններուն 95-97 տոկոսը Ռուսաստանի հետ էր, հիմա չի կրնար ըլլալ անցեալին նման»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակաւ շարք մը հարցադրումներ օրակարգի վրայ բերելով կը ջանայ նոր եւ իրատես հայեցակարգի մը սահմանումը յստակացնել:

ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Իջեւան-Ղազախ հատուածէն ներս երէկ տեղի ունեցան հերթական բանակցութիւնները։ Սահմանազատման յանձնաժողովներու 6-րդ հանդիպումն էր այս մէկը։ Երկու երկիրներու փոխ-վարչապետները՝ Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆաեւ գլխաւորեցին բանակցութիւնները։

ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔ

Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ վերջին տարիներուն կուտակուած տարաձայնութիւններուն կարեւոր մասը կը վերաբերի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) վերաբերեալ յուսախաբութիւններուն:

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստան-Անգլիա մշակութային համագործակցութիւնը յառաջիկային պիտի նշանաւորուի վառ նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ Բրիտանական թանգարանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի Երեւանի մէջ ցուցադրուի Անահիտ դիցուհիի արձանը։

Էջեր