ՓԱՐԻԶԻ «ՆՈԹՐԸ ՏԱՄ» ՀՈՅԱԿԵՐՏ ՏԱՃԱՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻ
Վաղը Փարիզի մէջ պիտի վերաբացուի «Նոթրը Տամ» աշխարհահռչակ տաճարը, որ համաքրիստոնէական սրբավայր մը ըլլալու առընթեր, համամարդկային ժառանգութեան գլուխ գործոցներէն է։ 2019 թուականին ծագած հրդեհին հետեւանքով լրջօրէն վնասուած այս տաճարը անցեալ հինգ տարիներուն վերանորոգուեցաւ՝ շուրջ 700 միլիոն եւրօ ներդրումով։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտական ներկայացուցիչ մը հաւատարմագրեց՝ ՄԱԿ-ի Նաիրոպիի գրասենեակին եւ տեղւոյն երկու գործակալութիւններուն մօտ։ Մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնը վստահուած է դեսպան Սահակ Սարգսեանին, որու նստավայրը կը գտնուի Ատիս Ապապայի մէջ։
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն 31-րդ ժողովը տեղի կ՚ունենայ Մալթայի մէջ:
ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ժողով մը գումարեցին Պրիւքսէլի մէջ:
Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն իսկ ինքզինքը դուրս կը համարէ ՀԱՊԿ-էն»:
Նաիրոպիի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Սահակ Սարգսեան երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Քենիայի նախագահ Վիլիըմ Ռութոյին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, դեսպանի եւ նախագահի զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան ամրապնդման հեռանկարներուն։
Սուրիոյ տագնապալի մթնոլորտի պայմաններով, երբ Հալէպը ընդդիմութեան զինեալներու հակակշռին տակ անցած է, համայն հայաշխարհը մտահոգուած է տեղւոյն հայութեան համար։ Հանրային կարծիքէն խաւեր կ՚ակնկալեն Հալէպի հայութեան Հայաստան տարհանումը։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջերս 15 հազար ամերիկեան տոլար յատկացուցած է «Արփի» հրատարակչատան՝ պատանեկան երկու վէպերու լոյս ընծայման նպատակով։
«Հայաստանի անվտանգային համակարգի առաջնագծին պէտք չէ գտնուի բանակը»:
Սուրիոյ իրադարձութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, երէկ, Անգարա-Մոսկուա առանցքին ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում մը տեղի ունեցաւ։ Թուրքիա եւ Ռուսաստան, որոնք Իրանի հետ միասին կը փորձեն իրադարձութիւնները հունաւորել, Հալէպի ընդդիմադիր զինեալներու ձեռքը անցնելէ վերջ արժեւորեցին իրավիճակը։