ԵՕԹՆԱՄԵԱՅ ԱՆԻ ՄԵԼԻՔԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹԻ ԱՌԱՋԻՆ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԴԱՓՆԵԿԻՐ
Հայաստանէն եօթնամեայ դաշնակահարուհի Անի Մելիքեան արժանացաւ երիտասարդ դաշնակահարներու միջազգային առաջին բացարձակ մրցանակին։ Իտալիոյ Պարի քաղաքին մերձակայ Աքուաւիւա տելէ Ֆոնթիի մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդ երաժիշտներու «Colafemmina Piano» ութերորդ միջազգային մրցոյթը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը տեսանելի ապագային կրնայ իրականանալ։ Մինչ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի առանց շօշափելի արդիւնքներու՝ կողմերը կը շարունակեն լաւատես յայտարարութիւններով հանդէս գալ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, թէ կլոպալ փոփոխութիւնները «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին համաշխարհային նշանակութիւն կը վերագրեն։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Մակեդոնիան, որու դիմաց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց։ ՈՒԷՖԱ-ի Եւրոպայի ազգերու լիկի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Աշխապատ, հանդիպումներ ունեցաւ Թիւրքմենիստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամմետովի, ինչպէս նաեւ երկրի ազգային առաջնորդ եւ խորհրդարանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամմետովի հետ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան երէկ հանդիպում մը ունեցան Աշխապատի մէջ, ուր կը գտնուէին Թիւրքմենիստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած՝ «Ժամանակներու եւ քաղաքակրթութիւններու փոխկապակցուածութիւնը. խաղաղութեան եւ զարգացման հիմք» խորագրեալ միջազգային ֆորումին։
Ատրպէյճան կը շարունակէ պաշտօնական բնագաւառէն ներս սերտօրէն համագործակցիլ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ։ «Forbes»ի հաղորդումներով, Թուրքիան ու Իսրայէլը կ՚արդիականացնեն Ատրպէյճանի զինանոցի՝ Ռուսաստանի կողմէ արտադրուած հին ռազմական սարքաւորումները։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Նիւ Եորքէն.-