ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ
Ըստ Պաքուի, հայկական կողմը պէտք է ըլլայ արդար ու շինիչ եւ ճիշդ ըմբռնէ տարածաշրջանի իրողութիւնները:
Ատրպէյճան կը նշէ Արցախի երկրորդ պատերազմին տարած յաղթանակը. Ստեփանակերտի մէջ մեծ զօրահանդէս:
Ըստ Պաքուի, հայկական կողմը պէտք է ըլլայ արդար ու շինիչ եւ ճիշդ ըմբռնէ տարածաշրջանի իրողութիւնները:
Ատրպէյճան կը նշէ Արցախի երկրորդ պատերազմին տարած յաղթանակը. Ստեփանակերտի մէջ մեծ զօրահանդէս:
Հայկական դիւանագիտութիւնը երէկ ցաւալի կորուստ մը կրեց. ոչ եւս է դեսպան Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան, որ կեանքէն հեռացաւ 72 տարեկանին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ գուժեց, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի յատուկ ներկայացուցիչ Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան կնքած է իր մահկանացուն։
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն ներս բացուած է շահեկան եւ ուշագրաւ ցուցահանդէս մը:
«Լճաշէն. ջրասոյզ գանձարան»ը կը ցոլացնէ ամրոց-դամբանադաշտի հարուստ հաւաքածոյէն կարեւոր հատուած մը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Զանգեզուրի միջանցքին աշխարհագրական ուղղութեան փոփոխութիւնը համընկնեցաւ «3+3» ձեւաչափով Իրանի մէջ կազմակերպուած հանդիպումին: Առաջինը այս մասին ազդարարեց Թուրքիոյ նախագահը:
Կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ շաբթուան մէջ՝ նոյեմբերի 17-18-ին «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողով մը՝ «Հանրապետութեան 100-ամեակին փոքրամասնական իրաւունքները» խորագրով։
Թուրքիայէն զգուշացում. ԱՄՆ կ՚ընկալուի՝ որպէս Իսրայէլի յանցագործութիւններուն հովանաւորը:
Նախագահ Էրտողան չժամադրեց Պլինքընը, որ Ֆիտանի հետ բանակցութիւններ վարեց շուրջ երկուքուկէս ժամ:
Կը տեղեկանանք, որ Երեւանի մէջ գրական հանդիպում մը տեղի ունեցած է՝ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գէորգ Պետիկեանի հետ, որ այս շրջանին կ՚այցելէ Հայաստան։ Ամերիկահայ «Հայրենիք» օրաթերթի կայքէջի հաղորդումներով, «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է այս ձեռնարկը, որ ձօնուած է Գէորգ Պետիկեանի ծննդեան 80-ամեակին։
Նախարար Ժաննա Անդրէասեան բացատրեց, որ երկիրը այս ոլորտին մէջ կը դիմագրաւէ շատ մեծ խնդիրներ:
Հայաստանի մէջ սկսաւ մետիագրագիտութեան շաբաթը, որու քննարկումները միջավայրը կը մատուցեն պատերազմին զուգահեռ:
Էսքիշեհիրի մէջ քրիստոնեայ հոգեւորականի մը ենթարկուած յարձակումը լայն արձագանգ գտած է տեղական մամուլին մէջ։ Դէպքը պատահած է քաղաքի Օտունփազարը թաղամասի բողոքական եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ արարողութեան ընթացքին։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յոյս յայտնեց, որ խաղաղութեան ներկայ առանձնայատուկ հնարաւորութիւնը բաց չի թողուիր։ Պուքրէշ այցելութեան ընթացքին ան շեշտեց, որ երեսուն տարի անց Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւման աւարտը եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան վերականգնումը նոր հեռանկարներ կը բանան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման առջեւ։