ՔԱԶԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ Է ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Ռուսաստանի Քազան քաղաքին մէջ այսօր կը սկսի BRICS-ի 16-րդ գագաթաժողովը։ Չինաստանի եւ Ռուսաստանի գլխաւորութեամբ՝ Պրազիլիոյ, Հնդկաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի մասնակցութեամբ ստեղծուած BRICS-ը ընդլայնման միտում ունի։
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան՝ հայ մշակոյթի հսկաներէն Սերկէյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներ, որոնք կազմակերպուած են Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ։
Ռոպէր Քոփթաշի առաջին վէպը բաւական լայն արձագանգ ստեղծած է գրասէր շրջանակներէն ներս:
Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ կ՚ակնկալուի նոր սկիզբ մը՝ բարձր մակարդակի որոշումներով:
Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով խորհրդատուական հարթակի՝ Իսթանպուլի մէջ անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուած արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ համատեղ հռչակագիր մը։
Հայաստանի Ազգային գրադարանը վերջերս ձեռք բերաւ երկու հազուագիւտ հրատարակութիւն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, անոնցմէ մին է Եփրեմ Ասորիի «Գիրք աղօթից»ը, իսկ միւսը՝ հայատառ թրքերէն Աստուածաշունչ մը։
Երէկ, Երեւանի մէջ սկսաւ «Ռէանիմանիա» փառատօնը, որ 16-րդն է իր տեսակին մէջ։ Անիմասիոն ժապաւէններու այս միջազգային փառատօնը արդէն ձեւաւորուած նախընթացներով միշտ ուշագրաւ է գեղարուեստասէրներուն համար։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջերս ստացած է կարեւոր պարգեւ մը։ Այսպէս, Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի խնամատար մարմինը որոշած է տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը պարգեւատրել Լապիպ Մատանաթի յիշատակին հաստատուած կոչումով։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց «3+3» հարթակի ժողովին մասնակից նախարարները:
Թուրքիա եւ Գերմանիա կը շարունակեն անմիջական կապի մէջ մնալ՝ միջազգային հրատապ օրակարգի խնդիրներուն շուրջ։ Անգարա-Պերլին առանցքի համագործակցութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ տարածաշրջանային բնոյթով մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ։