ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՒ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ
Բոլոր անոնք, որոնք այս շրջանին կ՚այցելեն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, համալիրէն ներս ականատես կը դառնան պայծառակերպուած կացութեան։ Պատմական շէնքերը վերջին շրջանին վերանորոգուած ու բարեզարդուած են ու կը շողան իրենց սքանչելի դիմագիծով։