ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐՈՒ ՓՈՒԼ
Համայնքային վարիչները մտադիր են առանց դատական դիմումներու հետեւիլ նոր կանոնադրութեան, սակայն որոշ բարելաւումներ ապահովելու նպատակով պիտի նախընտրեն պատկան մարմիններու հետ դրական երկխօսութեան ճանապարհը՝ ակնկալութիւններու վերաբերեալ յստակ հիմնաւորումներով:
Փոփոխութիւններ կ՚ակնկալուին ընտրաշրջաններու սահմանումին գծով: Յարմար չի դատուիր, որ նոյն անձը նոյնաժամանակ կարողանայ մաս կազմել երեք տարբեր կառոյցի մատակարար մարմնին:
Մինչեւ յաջորդ շաբթուան սկիզբի ժողովը աշխատանք պիտի տարուի ընտրական մարմիններու ձեւաւորման համար: