ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՄԻՇՈՒՍՏԻՆ ԵՐԷԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ
Երէկ, Մինսքի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներուն ժողովը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ Միջկառավարական խորհուրդի նեղ կազմով նիստին, որու ծիրէն ներս հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստինի հետ։