ԼԱՒՐՈՎԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԱԼԻԵՒԻ ՈՃԸ ԽՍՏԱՑԱԾ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Իր ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 23-24 յունիսին։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Իր ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 23-24 յունիսին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց օր ընդունեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները թողարկեցին Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումէն դրուագ մը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան նախընթաց օր ընդունեց Երեւանի մօտ Սուրիոյ նորանշանակ դեսպան Նորա Արիսեանը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։
Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Այսպէս, Երեւանի Պետական համալսարանի գիտական աստիճան ստացած շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները։
Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան հիմնադրութեան 30-ամեակը այս շրջանին կը նշուի յոբելենական ծրագրով մը։ Այս առթիւ Երեւան այցելեցին ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճաննի Ինֆանթինօ եւ ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Ալեքսանտր Զաֆերին, որոնց հետ է նաեւ ՖԻՖԱ-ի հիմնադրամի գործադիր տնօրէն հայազգի Եուրի Ճորքայեւ։
Ներքին գործոց փոխ-նախարարը մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամը:
Փոքրամասնութեան վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան մէջ հաշուի առնուած են բոլոր համայնքներու առանձնայատկութիւնները: Մուհթերէմ Ինճէ Սեւան Սվաճըօղլուին տեղեկացուցած է, որ գործընթացը եզրափակիչ փուլը թեւակոխած է: Նախագահ Էրտողանի կամքն է, որ բոլորը հանգիստ պայմաններով կարողանան քուէարկել:
Երեւանի մեր աշխատակիցներէն Սագօ Արեան այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով ան այսօր արդէն հասած է՝ իր որդիներէն Աքսել Ղազարեանի հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Տոհա։ Ուղեւորութեան վերջին օրը Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի հայր էմիր Համիտ պին Խալիֆա էլ Թանիի հետ, որուն շնորհեց բարեկամութեան շքանշան։
Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք աշխատանքային այցելութիւն մը տուած է Անգարա։ Երէկ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի կայքէջին վրայ արձագանգ գտաւ, որ ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարը Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ ալ հիւրընկալուած է Պեշթեփէի համալիրէն ներս։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Սոֆիա պաշտօնական այցելութեան ծիրէ ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պուլկարիոյ Արտաքին գործոց նախարար Թէոտորա Կենչովսքայի հետ։ Առաջին փուլին երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։