Լրահոս

ԱՆՇԵՂ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Թոյվօ Քլաար Հայաստանի ղեկավարութեան հետ արժեւորեց Պրիւքսելի հանդիպման յաջորդած իրավիճակը:
Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները յաջորդ շաբաթ կ՚անդրադառնան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին: Անգարայի մէջ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ հիւրընկալուելէ վերջ, Սերկէյ Լաւրով կ՚ուղեւորուի Երեւան:

ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ աշակերտներու օրհնութեան կարգ կատարեց՝ վաղուան լիսէներու մտից քննութեան ընդառաջ։

ԵՐԱՆԻ՜ «ԱՌԱՆՑ ԹՈՒՐՔԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»Ի ՔԱՐՈԶԻՉՆԵՐԸ ԴԱՍԵՐ ՔԱՂԱԾ ԸԼԼԱՅԻՆ ԹՈՒՐՔԵՐԷՆ

Հայաստանի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրները կ՚ուղղորդուին ներքին քաղաքական բեւեռացումներով ու պառակտումներով, որոնք կը պայմանաւորեն նաեւ արտաքին քաղաքական հիմնահարցերու վերաբերեալ թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան խօսոյթը։ Առկայ քաղաքական անելին մէջ յաճախ քննարկման նիւթ կը դարձուին Թուրքիա-Հայաստան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու հեռանկարները։

ՎԵՑ ԱՄԻՍ ՎԵՐՋ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Շուրջ կէս տարուայ ընդհատումէ մը վերջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան՝ փոխ-վարչապետներու մակարդակով եռակողմանի աշխատանքային խումբի հերթական նիստը։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆԵԼ

Հայաստանի մէջ իշխանական եւ ընդդիմադիր ճամբարներու փոխադարձ մեղադրանքները չեն դադրիր:
Երկրի ղեկավարութիւնը կը ձգտի ի գին ամէն ինչի խաղաղութեան պայմանագիր կնքել, սակայն բանակցելու ընդունակ չէ:

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ, ԻՊՐԱՀԻՄ ՌԱԻՍԻԻ ԵՒ ԻՐԱԿԼԻ ՂԱՐԻՊԱՇՎԻԼԻԻ ՀԵՏ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ երէկ։ Ռուս ղեկավարը, որ օր մը առաջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնով զրուցած էր, երէկ շնորհաւորեց Փաշինեանի ծննդեան տարեդարձը:

ԴՐԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ շփումները դրական հունի մը մէջ կ՚ընթանան՝ «Ֆ-16» ռազմաօդային կործանիչներու վերաբերեալ հարցերու յաղթահարման ուղղութեամբ։

Էջեր