ՆՈՐ ԵՐԿԲԵՒԵՌ ԱՇԽԱՐՀԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Մինչ Արցախի շրջափակումը բոլորեց իր 100-րդ օրը, հակառակ միջազգային հասարակութեան համատարած դատապարտումին, Ատրպէյճան անվրդով ու վճռակամ կը շարունակէ իր ապօրինի արարքը, որուն հետ լռելեայն համակարծիք ըլլալ կը թուին ռուսական եւ արեւմտեան հակադիր ճակատները։ Այսպէսով, Արցախի հակամարտութիւնը կը մնայ անել դրութեան մէջ, զոհ՝ Արեւմուտք-Ռուսաստան միջազգային առճակատումին։
Ատրպէյճան երէկ Հայաստանի դէմ դարձեալ կրակ բացաւ այս անգամ Երասխի հատուածէն. նոր նահատակ մը:
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցի արժեւորման ուղղեալ պատրաստութիւնները հետզհետէ թափ կը ստանան։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական սրբատառ կոնդակի հրապարակումէն վերջ այս նախապատրաստական աշխատութիւնները արդէն աստիճանաբար աւելի գործնական փուլ կը թեւակոխեն։
Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աշխատակազմի նախազօրակոչային պատրաստութեան եւ արտադպրոցական ծրագիրներու վարչութեան արտադպրոցական ծրագիրներու բաժինին կողմէ Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոններու միջեւ կազմակերպուեցաւ ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս-մրցոյթ՝ նուիրուած կիներու միամսեակին:
Այս տարուան ամառնամուտին Երեւանի մէջ նախատեսուած է բժշկական կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, աշխարհի յառաջատար հիւանդանոցներէն ուռուցքաբաններ յառաջիկային Երեւան պիտի ժամանեն՝ մասնակցելու համար տարուան բժշկագիտական կարեւորագոյն իրադարձութեան։
Նիկոլ Փաշինեանէն վերջ Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը այս շրջանին առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Այդ համաձայնութեան զուգահեռ՝ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորը Ռիատ այցելել հրաւիրեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Փաշինեան հեռաձայնով զրուցեց Պլինքընի հետ, Միրզոյեան Մոսկուայի մէջ ընդունուեցաւ Լաւրովի կողմէ:
Նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Նիքոս Տենտիաս երէկ հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ: