ՎԵՐԻՆ ՇՈՐԺԱՅԻ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ անհանգիստ վիճակը, լարուածութիւնը եւ հրադադարի խախտումները անընդհատ կը շարունակուին։ Պաքու մէկ կողմէ կ՚արտայայտէ Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու պատրաստակամութիւն, իսկ միւս կողմէ չի հրաժարիր իր նախայարձակ քաղաքականութենէն։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ընդհանուր քարտուղար փրոֆ. Ճերի Փիլէյը, որուն կ՚ընկերանար իր օգնականը՝ Անի Ղազարեան-Տրիսսին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։
Հայաստանի երրորդ նախագահին գրասենեակը ուշագրաւ գիրք մը հրատարակեց:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ նախընթաց օր Մարսէյլի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սուրբ Խաչ դպրեվանքի նախկին սաներէն Սարգիս Տուրսուն։ Իր կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է տեղւոյն հայկական շրջանակներէն ներս՝ քանի հանգուցեալը կը վայելէր բոլորին սէրն ու համակրանքը։
Հայաստանի Ազգային գրադարանը վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Երեւանի Գրատպութեան թանգարանէն ներս կը ներկայացուին Իսթանպուլի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի Ղալաթիա եւ Բերա թաղամասերու նախկին խմբագրատուներէն դրուագներ։ Հարկ է նշել, որ Երեւանի Գրատպութեան թանգարանը կը գործէ Հայաստանի Ազգային գրադարանի հովանաւորութեան ներքեւ։
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան. «Թոյլ չտալ ազգային ինքնութեան հիմքերու ոչնչացման»:
ԺԻԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ