ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԸ ԵՐԿՈՒՔԻ ԲԱԺՆՈՒԱԾ, Կ՚ՈՒԶԷ ԳՈՅԱՏԵՒԵԼ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ապրիլ 6-ին, երկրորդ անգամ ըլլալով՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններ։ Եւրոպական խորհուրդի այս նախաձեռնութիւնը արդեօք նախերգա՞նք է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի թաղման արարողութեան։