ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ԵՒ ԱՆԹՈՆԻՕ ԿՈՒԹԵՐԵՍԻ ՀԵՏ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Երկու զրոյցներուն ընթացքին ալ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։
Երկրաշարժի ցնցումներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Երեւան կ՚աջակցի նաեւ Դամասկոսին:
Ուաշինկթընէն տեղեկացուեցաւ, որ Շարլ Միշել կը պատրաստուի մէկտեղել Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը նախատեսէ այցելել Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ ռուս նախարարին պաշտօնական այցելութիւնը տեղի ունենայ փետրուարի 27-28-ին։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հետ միջազգայնօրէն տեսանելի երկխօսութիւն հաստատէ։
Հարցազրոյց «Ազատութիւն»ին. «Լաւ առիթ ներկայացած է, մեծ ողբերգութիւն մը տեղի ունեցած է, իսկ ողբերգութիւններու շուրջ պետութիւնները կրնան գալ գլուխ-գլխի»:
Հաթայի իրերայաջորդ սաստիկ երկրաշարժները աւերիչ ազդեցութիւն գործեցին Մուսա լերան Վաքըֆլըգիւղին վրայ, ուր բնակչութիւնը կը դիմագրաւէ իսկական ողբերգութիւն մը:
Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը արդէն պաշտօնապէս սկսած է ներկայ շաբթուան դրութեամբ։ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութիւնը արդէն Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ տեղակայուած է եւ Հայաստան հասած առաջին օրն իսկ՝ երկուշաբթի, իրականացուցած է իր առաջին դիտարկումը։