Լրահոս

ՓԱԹԱՓՈՒԹԵԱՆԻՆ ԿՈՉՈՒՄ

Նոպէլեան մրցանակի առաջին հայազգի դափնեկիր Արտեմ Փաթափութեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան, երէկ Երեւանի մէջ արժանացաւ շարք մը կոչումներու։ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի գիտական խորհուրդի հանդիսաւոր նիստի ընթացքին իրեն պատուակալ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ։

ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնն ու Եւրոպայի մասնաճիւղերու ղեկավարութիւնները երկօրեայ ծաւալուն խորհրդակցութիւն մը ունեցան:
Բազմակողմանի վերլուծումներ կատարուեցան նոր իրողութիւններու լոյսին տակ հայաշխարհի դէմ յանդիման մնացած վիճակներուն եւ ապագայ նպատակներուն շուրջ:

«ՓԹԻԹ»ԻՆ ՆՈՐ ԴԻՄԱԳԻԾ

Պէյրութէն կը հաղորդուի, որ «Փթիթ» մանկապատանեկան կայքէջը վերջերս ենթարկուած է բարեփոխման եւ այդ հիման վրայ հասած է նոր ծաղկումի մը։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի խրախուսանքով կեանքի կոչուած է այս ծրագիրը։

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՔԱԹԱՐԻ ԷՄԻՐԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպի Տոհա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համատ էլ Թանիի հետ։ Զրոյցի ընթացքին կողմերը ընդգծեցին երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան մեծ ներուժը, յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ ամրապնդման պատրաստակամութիւնը։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՀԻՒՐ

Նոպէլեան մրցանակի առաջին հայ դափնեկիրը այս օրերուն Հայաստան կ՚այցելէ:
Ջիղակենսաբան Արտեմ Փաթափութեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ «Սինոփսիս-Արմենիա» ընկերութեան կեդրոնը, իսկ այսօր դասախօսեց Պետական բժշկական համալսարանէն ներս:

ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ՀԵՏԱՄՈՒՏ՝ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Երեւանի եւ Մոսկուայի այս շրջանի համատեղ ջանքերը ուղղուած են ռազմավարական համագործակցութեան նոր հեռանկարային ոլորտներու բացայայտման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի օրուան առթիւ Երեւանի մէջ այդ երկրի դեսպանութենէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցեցաւ Մհեր Գրիգորեան, որ հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով մը։

Էջեր