Հարթակ

ԹՌՉՆԱԳԻՐ ԵՒ QR CODE

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Թարգմանչաց է:
Հոկտեմբերի սկիզբէն կը սկսին մեր վարժարաններուն մէջ «Թարգմանչաց»ի տօնակատարութիւնները. թէեւ հայրենի ընկերային ցանցերու դպրոցական թէ՛ ծնողաց էջերուն մէջ ահագին մեկնաբանութիւններ կրնանք կարդալ ժամանակի՜ն Այբբենարանի առաջին էջին վրայ գտնուող Մաշտոցի մեծ նկարին բացակայութեան մասին… բայց եկուր-տես, որ հի՛ն, շա՜տ հին է պատկերը դեռ սփիւռքի մէջ:

ՃԻՇԴ ՀԱՇԻՒԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սեւակն ու Վաչէն ուսուցիչի սեղանին մօտ կանգնած կը խօսէին: Անդին, Տրդատը իր գրասեղանին ետին նստած գիրք մը կը թերթատէր: Սեւակը Վաչէին հետ զրուցած ժամանակ չէր նկատած, որ ձեռքին մէջ ճմռթած ու պատռած էր թուաբանութեան ուսուցիչին՝ պարոն Մարտիրոսին մէկ տետրակը:

ՀԱՐԱԶԱՏ «ԱՆԾԱՆՕԹԻՆ»

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Սիրելի՛ տիկին Նատիա,
«Կը շնորհաւորեմ ձեր ծննդեան ու երկարամեայ լրագրողական վաստակի պանծալի ամեակները՝ արեւշատ օրերու սրտագին մաղթանքով» գրելով, եթէ՜ կարենայի ձեզ շնորհաւորել, մէկ շաբաթ առաջ, ձեր բոլոր բարեկամներուն ու հարազատ աշխատակիցներուն պէս, ես ալ ձեզ շնորհաւորած պիտի ըլլայի։ 

ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՆՆԵՐ -ՅԱՒԵՐԺԻ ԸՆԹԱՑԻԿ ԱՊՐՈՒՄԸ-

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Եւ եկաւ կեանքը մեզ ալ ապրեցնելով։ Այս է ասացուածքը բոլորիս. ապրիլ ըլլալով, ամենակալ, ամենակերտ ու յաւերժական ձեւով նոյն այս պարզ, պատահական ու ակամայ ըլլալովը, ինչ որ կը փոխանցուի մեզի անժամականութեամբ մը յարահոս:

ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՕԹԸ ՍԻՒՆԵՐԸ

ԱՊԸՏ ԱԼ-ՌԱՀԻՄ ՇԸԼԸՊԻ(*)
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այն ինչ զիս մղեց այս յօդուածը գրելու այն դիտարկումն է, որու շատ յաճախ կը վերադառնամ՝ հետեւելով այսօրուան իշխանաւորներուն ըրածներուն, մանաւանդ՝ աշխարհի ամենահզօր պետութեան առաջնորդին։

ՊԷՏՔ ԷՐ ԸՍԷԻ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երեքշաբթի օր մըն էր: Դպրոցի սովորական օր մը:
Ութերորդ դասարանը, ինչպէս միշտ, դասի դադարներու ընթացքին կեանքով եռուն էր:
Աշակերտները իրարու հետ կը զրուցեն, կը ծիծաղին, երբեմն երբեմն իրարու ետեւէ կը վազեն: 

ԲՈԼՈՐԻՍ ԳԻՏՑԱԾ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Որքան զարմանալի է, իրօ՛ք, որ վերջերս Պաքուի մէջ կայացող «CAMCA 2026» տարածաշրջանային համաժողովի ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ Հայաստանի կառավարութեան կոչ յղած է հայ հասարակութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու աշխատանքը աշխուժացնելու:

Էջեր