Հարթակ

ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

12. Ի՞նչ է Հաղորդութեան նիւթը: Ի՞նչ է ձեւը: Խմորեա՞լ է, թէ անխմոր: Ուրիշ ի՞նչ վէճեր կան: 13. Ինչո՞ւ մենք բաժակին ջուր չենք խառներ: 14. Ի՞նչ ձեւով պէտք է հաղորդուիլ:

Շահան Շահնուրի «Անիմանալի գրոհ»ը յօդուածին առթիւ - Գ. «ՊԻՏԻ ՉՈՒՐԱՆԱՄ ԻՆՉ ՈՐ ԳՐԵՑԻ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հեռու ինձմէ ուրիշին ետեւ պատսպարելու հոգը: Եւ կը բաւականանամ հաստատելով հետեւեալը: Մինչ «Հ․Ձ» կ՚աճապարէր պախարակել զիս զարմանալի անհամբերութեամբ, օրը-օրին, եւ մինչ բազմերանգ թերթեր կ՚արտորային փողահարել իմ դատապարտութիւնս, Փարիզի «Աշխարհ»ը, զոր պէտք է բարեւել անցողակիօրէն, կը մերժէր գրոհին մասնակցիլ:

ՄԱՐՄԻՆԸ ԵՒ ԻՐ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ - Բ. -

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Մենք ե՞նք մեր մարմինը, կամ հակառակը.- Նիւթականութեան ու ոգեղինականութեան յաւերժական բախումն ու ընդելուզումը ամենացայտուն կերպով կը սլանայ մարմնի միջոցաւ։ Այդ անլուծելի թնճուկը թէեւ թուի չապրեցնող, սակայն, ան կը նմանի կեանքի-գոյութենականութեան եւ ժամանակի-հատման փոխլրացման:

Շահան Շահնուրի «Անիմանալի գրոհ»ը յօդուածին առթիւ - Բ. «ՊԻՏԻ ՉՈՒՐԱՆԱՄ ԻՆՉ ՈՐ ԳՐԵՑԻ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ահա չոր իրողութիւնը․ Կոմիտաս Վարդապետի մահուան վաղորդայնին գրեցի յօդուած մը գաղափարակից լրագրի մը, Փարիզի «Ապագայ»ին մէջ: Չունէի երաժշտական լուրջ պատրաստութիւն, բայց ունէի խորին պաշտամունք հանդէպ մեր անզուգական Վարդապետին:

ԱԿՆԱՐԿ - 171 - «ԱԶԳԸ ԻՄ ՄԷՋՍ, ԻՄ ԿՈՂՔԻՍ ԵՒ ԻՄ ՇՈՒՐՋՍ Է»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Ազգիս ու հայրենիքիս հանդէպ իմ պարտքս ու պարտականութիւնս կատարելու համար պէտք չունի՜մ սպասելու, որ ազգս ինծի դիմէ, կամ հայրենի հողը ոտքերուս տակ ըլլայ։ Ազգը իմ մէջս, իմ կողքիս եւ իմ շուրջս է. հայրենիքը՝ նոյնպէս։

Շահան Շահնուրի «Անիմանալի գրոհ»ը յօդուածին առթիւ - Ա. «ՊԻՏԻ ՉՈՒՐԱՆԱՄ ԻՆՉ ՈՐ ԳՐԵՑԻ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ներքոգրեալ նիւթին տուր յարմար եւ լուրջ նախաբան մը։ Շեշտելով խորհրդային ժամանակներու յայտնի գրչակներուն կուսակցական գրոհը՝ սփիւռքի գրականութեան կամ աւելի ճիշդը Պոլիս ծլած, ապրած ու աճած արեւմտահայ գրականութեան շարունակութեան ջահը իր ձեռքերով առաջ տարած Շահան Շահնուրի (Բուն անունով՝ Շահնուր Քերեսթեճեան) դէմ։

ՏԱՍՆՀԻՆԳ ՄԱՅԻՍԻՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՆԱԽԱԴԱՍՈՒԹԵԱՆ Կ՚ԵՐԹԱՄ

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կանգնած էի ծովով ու ովկիանոսով շրջապատուած այս ցամաքին վրայ եւ ըսի. «Ես կու գամ անկումի գագաթէն։ Այս երկիրը նման է վիրաւոր ցուլի մը, որ յոյսի գագաթէն ինկած է պարտութեան ամօթալի յատակը, բայց, տակաւին կապուած կը մնայ իր կաշիին, որ դեռ կը լողայ նաւթի շերտով ծածկուած ցամաքի մակերեսին։

ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

10. Յիշատակութենէն բացի ի՞նչ խորհուրդ ունի: 11. Գոյափոխութեան վերաբերեալ սուրբ հայրերուն գաղափարը [մտածումը] ի՞նչ է. Մեռեալ եւ կենդանի խօսքերուն վերաբերեալ ի՞նչ վէճեր կան:

ՄԱՐՄԻՆԸ ԵՒ ԻՐ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ - Ա. -

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Գոյութենականութիւնը մարմնաւորում առած է մարմիններով։ Հաւանաբար, մարդկային զգացողութեան ու գիտակցութեան սահմանումով նոյն մարդկային մարմինը ամենակատարեալն է երկիր մոլորակին վրայ՝ ո՛չ թէ որովհետեւ ան ամենագեղեցիկն է, այլ մեր իմացականութեան մէջ, միւս կենդանիներուն ու արարածներուն բաղդատմամբ, մարդկային մարմինը ամենաոգեղինացածն է:

Էջեր