ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Երբ անոնք գացին, Ինքն ալ գնաց տօնակատարութեան, ո՛չ թէ բացայայտ կերպով, այլ՝ ծածուկ» (Յհ 7.10):
Մեկնութիւն. Եւ թէ Քրիստոս ճշմարտապէս ըսաւ՝ «Ես այդ տօնակատարութեան պիտի չերթամ» չորս պատճառով. նախ՝ տօնակատարութեան սկիզբը չգնաց, այլ՝ չորրորդ օրը: Երկրորդ՝ անոնց հետ չգնաց, այլ՝ ետքէն: